ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Իրականացուեցաւ Խորհրդակցութիւն

 

Ապրիլ 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի եւ կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:

Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին անցած շաբթուան կատարուած աշխատանքները եւ իրականացուած ձեռնարկները, նշեցին յառաջիկայ ընելիքները, հանդէս եկան նոր առաջարկներով:

Նախարարը կարեւոր համարեց Սփիւռքի երիտասարդական կազմակերպութիւններուն հետ աշխատանքը, նախարարութեան «Արի տուն» եւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրներուն անոնց աշխոյժ մասնակցութիւնը:

Անդրադարձ կատարուեցաւ «Սփիւռք-Հայրենիք» համաժողովի կազմակերպչական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ` համաժողովը սփիւռքի հետ կապերը սերտացնելու հարթակ  դարձնելու առաջնահերթութեան, գործակցութեան զարգացման ուղղութիւններու, մօտեցումներու վերաբերեալ տեսակէտներու, առաջարկներու անհրաժեշտութիւնը:

13-03-2017

Scroll Up