ՍՕԽ-ը Կուռ Շարքերով Յիշատակեց Մայրերու Տօնը

Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եա­նի, Երեք­շաբ­թի 28 Մարտ 2017-ի երե­կոյ­եան ժա­մը 4:00-ին «Գ. Եսայ­եան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ՍՕ Խա­չի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած Մայ­րե­րու Օր­ուան հան­դի­սու­թիւնը:

Հան­դի­սա­վար Մա­րալ Տիք­պիք­եան հան­դի­սու­թիւնը բաց յայ­տա­րա­րեց` յայտ­նե­լով որ ան նուիր­ուած է Հայ Ազա­տագ­րա­կան Շարժ­ման հե­րո­սու­հի­նե­րուն:

Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ Զե­փիւռ Գէ­որգ­եան արա­բե­րէն բաց­ման խօս­քով ըսաւ, որ մա­նու­կին հն­չած «մայր» բա­ռը ամ­բող­ջա­կան նուի­րու­մի եւ սի­րոյ մարմ­նա­ցումն է, որ անա­պատն իսկ ջրե­լու ու­նա­կու­թեամբ օժտ­ուած է:

Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ Զե­փիւռ Աւագ­եան հա­յե­րէն բաց­ման խօս­քով յայտ­նեց, թէ աւան­դա­կան դար­ձած ՍՕԽ-ի Մայ­րե­րու Օր­ուան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւնը այս տա­րի եւս մեզ կը հա­մախմ­բէ` մի­աս­նա­բար ոգե­կո­չե­լու այն մօր տի­պա­րը, որ ե՛ւ ըն­տա­նի­քի հո­գա­տա­րու­թեան, ե՛ւ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան գի­տակ­ցու­թեամբ քա­լած է միու­թե­նա­կա­նի այս ուղի­էն` աւելց­նե­լով, որ պա­տե­րազ­մի օրե­րուն կնո­ջա­կան այս կազ­մա­կեր­պու­թիւնը պար­տա­կա­նու­թեան ու պար­տա­ւո­րու­թեան գի­տակ­ցու­թե­նէն մղ­ուած իր կա­րե­լին ըրաւ հաս­նե­լու բո­լո­րին:

Ան երախ­տա­գի­տա­կան խօսք ուղ­ղեց նա­խա­գահ Պաշ­շար ալ Ասա­տին եւ  Առա­ջին տիկ­նոջ, որոնք տե­ւա­բար կը քա­ջա­լե­րեն բա­րե­սի­րա­կան միու­թիւն­նե­րը:

Արա Մու­թաֆ­եան մօր նուիր­ուած արա­բե­րէն իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն քերթ­ուած մը աս­մուն­քեց:

Հան­դի­սու­թեան խոր­հուր­դը զու­գա­հեռ մը գծելն էր մե­րօր­եայ եւ հայ ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին մաս­նա­կից հայ կնոջ մի­ջեւ:

Հոյլ մը խա­չու­հի­ներ` Սե­ւան Աւագ­եան, Ժէ­նի Պօշ­կե­զէն­եան, Լի­զա Լա­լէեան, Մա­րալ Գա­զէզ­եան, Թա­լին Մի­նաս­եան եւ Սօ­սի Փի­լաւճ­եան տե­սե­րի­զի ցու­ցադ­րու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցին  հայ տի­պար կի­ներ, որոնք մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած էին ՀՀ կեր­տու­մին, հայ ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին, Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քին` իրենց եր­ջան­կու­թե­նէն բարձր դա­սե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի փր­կու­թիւնը:

Այ­նու­հե­տեւ Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան սուր­ի­ա­հայ մայ­րե­րուն նուիր­ուած խօս­քը ար­տա­սա­նեց Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ Ան­նա Տէր Յա­կոբ­եան, որ դի­տել տուաւ, թէ 6 տա­րի­նե­րու պա­տե­րազ­մա­կան դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը եւ դժ­բախ­տու­թիւն­նե­րը մեր քա­ջա­րի եւ անձնուէր մայ­րե­րուն համ­բե­րա­տար աշ­խա­տան­քով թօ­թա­փե­ցինք ու սուր­ի­ա­հա­յը մայ­րա­կան սի­րով ու նուի­րու­մով գօ­տեպնդ­ուած պատ­նէ­շի վրայ մնաց: ՍՕԽ-ի անն­կուն խա­չու­հի­նե­րը նուի­րու­մով լծ­ուե­ցան նպաստ­ներ բաշ­խե­լու փր­կա­րար աշ­խա­տան­քին` նոյ­նիսկ ամե­նավ­տան­գա­ւոր շր­ջան­նե­րու եւ թա­ղա­մա­սե­րու մէջ` բարձր պա­հե­լով ՀՕՄ-ի անունն ու դրօ­շը:

Ապա ՍՕԽ-ի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պե­տու­հի Հռիփ Կա­նան­եան Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան խօս­քը ար­տա­սա­նեց` դի­տել տա­լով որ. «Հայ կի­նը եր­բեք չէ ստր­կա­ցած, հայ օճա­խը մնա­ցած է սր­բու­թիւն, ուր կի­նը վա­յե­լած է այր մար­դուն հա­մա­հա­ւա­սար իրա­ւունք­ներ: Հայ կնոջ ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան կեան­քին մաս­նակ­ցու­թեան իրա­ւուն­քը պաշ­տօ­նա­պէս ճանչց­ուած է Հա­յաս­տա­նի Ա. Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան օրէն»:

Անդ­րա­դառ­նա­լով սուր­ի­ա­հայ մայ­րե­րուն ան ըսաւ, որ «Սօ­սէ Մայ­րի­կին հա­րա­զատ հե­տե­ւորդ­նե­րը` սուր­ի­ա­հայ մայ­րե­րը իրենց ամու­սին­նե­րուն կող­քին պի­տի մնան ու մա­քա­ռին դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն դէմ, իսկ խա­չու­հի­նե­րը, վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին կո­չին ըն­դա­ռա­ջե­լով, պի­տի նուիր­ուին ՍՕԽ-ին` ամէն ջանք ի գործ դնե­լով վե­րա­նո­րո­գե­լու մեր քանդ­ուած կեդ­րո­նը եւ վե­րագտ­նե­լու մեր եր­բեմ­նի բար­գա­ւաճ օրե­րը»:

Ապա յա­ջոր­դա­բար բեմ հրա­ւիր­ուե­ցան 2017-ի ՍՕԽ-ի «Կան­թեղ» շքան­շա­նի ար­ժա­նա­ցող ըն­կե­րու­հի­նե­րը, որոնք մեր գա­ղու­թի հա­սա­րա­կա­կան կեան­քը աշ­խու­ժա­ցու­ցին իրենց 30 եւ աւե­լի տա­րի­նե­րու անընդ­մէջ ծա­ռա­յու­թեամբ:

Պար­գե­ւատր­ուե­ցան ըն­կե­րու­հի­ներ` Մա­րալ Ազա­րիկ­եան, Սօ­սի Պա­րոն­եան, Հու­րի Տիլ­պէր­եան, Պայ­ծիկ Չէրչ­եան, Այ­տա Պէ­րէ­ճիքլ­եան, Անի Գալ­տըն­եան, Անա­հիտ Հաճ­եան, Զե­փիւռ Մու­ղալ­եան, Սե­դա Կէր­կէր­եան, Սե­դա Վա­նէս­եան, Սի­րուն Թաշճ­եան, Մայ­տա Գան­տիլ­եան, Նուարդ Սա­նոս­եան, Մա­րալ Ման­ուէլ­եան, Անի Պօզ­ի­ա­քալ­եան, Շո­ղիկ Փամ­փալ­եան, Անա­հիտ Սե­րայ­տար­եան, Մայ­տա Յով­հան­նէս­եան եւ Սիլ­վա Քէ­օ­սէեան:

Ապա յաջոր­դա­բար բեմ հրա­ւիր­ուե­ցան ՍՕԽ-ի շր­ջա­նա­յին յանձ­նա­խում­բե­րու ատե­նա­պե­տու­հի­նե­րը` ստա­նա­լու յանձ­նա­խում­բե­րուն նուիր­ուած գնա­հա­տա­գիր­նե­րը:

Գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գի­րին իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին Մա­րալ Տունկ­եան, Գէ­որգ Էմի­նի «Սա­սուն­ցի­նե­րու Պար»էն հատ­ուած­ներ աս­մուն­քե­լով, իսկ հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րու շար­քով ելոյթ ու­նե­ցաւ Եղ­իա Քի­լէճ­եան:

Օր­ուան եզ­րա­փա­կիչ պատ­գա­մը փո­խան­ցեց Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տէր Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եան, որ նախ շնոր­հա­ւո­րեց մայ­րե­րը, մաս­նա­ւո­րա­բար Սուր­ի­ա­հայ Օգ­նու­թեան Խա­չի նուիրեալ մայ­րե­րը, որոնք իրենց ըն­տա­նե­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն կող­քին կը ծա­ռա­յեն ազ­գա­յին կեան­քին:

Սր­բա­զան հայ­րը շեշտեց թէ «Այս սրա­հը կր­կին լեց­ուած է մեր մայ­րե­րով  եւ քոյ­րե­րով, որոնք վկայութիւնն են Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քի ան­սա­սա­նութ­եան եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի հա­ւատ­քին, գո­յա­տե­ւե­լու ամէ­նու­րեք` Սուր­իոյ մէջ Սուր­ի­ական Հայ­րե­նի­քին հա­մար, Սուր­իա­յէն ան­դին Հա­յաս­տա­նի հա­մար, Ար­ցա­խի հա­մար, մաս­նա­ւո­րա­բար հայ ազա­տագ­րա­կան  պայ­քա­րի ճա­նա­պար­հին:

Ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի մաս­նակ­ցիլ չի նշա­նա­կեր ան­պայ­ման ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու մաս­նա­կից դառ­նալ: Ազա­տու­թիւն բա­ռը եւ ազատ ըլ­լա­լու գի­տակ­ցու­թիւնը Աստ­ուա­ծա­տուր շնորհք մըն է, որ մարդ արա­րա­ծը զայն պա­հե­լու պար­տա­ւո­րու­թեան տակ կը դնէ: Ազա­տու­թիւն ու­նե­նա­լու հա­մար մարդ պի­տի պայ­քա­րի իր բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով: Ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի մաս­նակ­ցող հայ մայ­րե­րուն վճ­ռա­կա­մու­թիւնը, որ լու­սար­ձա­կի տակ առն­ուե­ցաւ այս ձեռ­նար­կով, ապա­ցուց­ուե­ցաւ նա­եւ Սուր­իոյ մէջ, Ար­ցա­խի մէջ, Հա­յաս­տա­նի մէջ, կ՛ապա­ցուց­ուի ամէ­նու­րեք, ուր իր ազ­գա­յին կո­չու­մին գի­տա­կից հայ  մայր գոյութիւն ունի»:

Հան­դի­սու­թիւնը փակ­ուե­ցաւ ՍՕԽ-ի քայ­լեր­գով եւ սր­բա­զան հօր «Պահ­պա­նիչ»ով:

Սեւան Աւագեան

Գանձասար

%d5%bd%d6%85%d5%ad%d5%bd%d6%85%d5%ad1

Scroll Up