Դաս-Ձեռնարկ` Նուիրուած Հայ Նշանաւոր Գործարար Եւ Բարեգործ Ալեքսանտր Մանթաշեանին

Մարտ 24-ին ՀՀ Սիւնիքի մարզի Եղէգի միջնակարգ դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ դաս-ձեռնարկ` նուիրուած ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը-2017» ծրագիրին մէջ տեղ գտած հայ նշանաւոր գործարար եւ բարեգործ Ալեքսանտր Մանթաշեանի 175-ամեակին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, ,դպրոցի 8-րդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցած են Ալեքսանտր Մանթաշեանի կեանքը, գործունէութիւնը եւ կատարած բարեգործութիւնները, իսկ  9-րդ դասարանի աշակերտները հետաքրքիր պատմութիւններ եւ տեղեկութիւններ  հաղորդած են  մեծանուն բարերարին մասին, ինչպէս նաեւ` հնչեցուցած նշանաւոր մարդոց արտայայտած կարծիքները` ուշադրութիւն հրաւիրելով Ալեքսանտր Շիրվանզանտէի մտքերուն.

«Այն կորուստը, որ կը կրէ այսօր հայ ժողովուրդը, անփոխարինելի է: Գումարներու ահագին քանակութիւնը չէր, որ այնպէս առատաձեռնօրէն կը զոհէր ան բարեգործութիւն կոչուած սրբազան տաճարին, որ երկրային տաճարներու թագուհին է: Սիրտը, ահա այն, որ կը կատարէր միակ դերը, եւ վեհ դերը Մանթաշեանցի բարերարութիւններու մէջ: Ան կու տար առանց յետին հաշիւներու, առանց սին փառամոլութեան, կու տար, որովհետեւ այդպէս կը թելադրէր անոր զգայուն հոգին: Անոր բարերարութիւնը կը կրէր բուն քրիստոնէութեան դրոշմ. «Տուէք այնպէս, որ աջ ձեռքը տալուն, ձախը չիմանայ»: Ատիկա անոր համեստութիւնն էր,  զարդ մը, որ այնքան հազուագիւտ էր: Ազգին կը մնայ այժմ իր խորին երախտագիտութեամբ գնահատել այդպիսի սիրտը: Եւ ան, անշուշտ, կը գնահատէ ու շատ բարձր կը գնահատէ իր ապագայ պատմութեան մէջ…»:

12 3 4

Scroll Up