Շառլ Ազնաւուրի Տուն-Թանգարանը Կը Նուիրաբերուի «Ազնաւուր» Հիմնադրամին

Երեւանի Անտառային փողոցին մէջ գտնուող Շառլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանը եւ ատոր զբաղեցուցած, օգտագործման ու սպասարկման համար անհրաժեշտ հողամասը նուիրաբերուեցաւ «Ազնաւուր» հիմնադրամին` բացառապէս որպէս Շառլ Ազնաւուրի տուն-թանգարան օգտագործելու պայմանով:

Այդ մասին որոշման նախագիծը հաստատուած է ՀՀ կառավարութեան մարտ 23-ի նիստին:

ՀՀ պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետի տեղակալ Աշոտ Մարկոսեան նշեց, որ «Ազնաւուր» հիմնադրամը ստեղծուած է Երեւանի մէջ մշակութային եւ կրթական վայր հիմնելու, Շառլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանի գործունէութեան աջակցելու նպատակով:

«ՀՀ կառավարութեան եւ «Ազնաւուր» հիմնադրամին միջեւ կնքուած է փոխըմբռնման յուշագիր, համաձայն որուն ՀՀ կառավարութիւնը պարտաւորուած է փոխանցել Շառլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանը հիմնադրամին` հիմք ընդունելով նուիրաբերութեան պայմանագիրը»,- ըսաւ Մարկոսեան:

 

Scroll Up