Ձեռնարկ` Նուիրուած Ալեքսանտր Մանթաշեանի 175-Ամեակին

Ժամանակակից սերունդին մէջ հայրենասիրութիւն ձեւաւորելու ու հայապահպանութեան նպաստելու նպատակով Վանաձորի թիւ 2 հիմնական դպրոցի 9-րդ դասարանին մէջ մարտ 17-ին կազմակերպուեցաւ հերթական ձեռնարկը` նուիրուած ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» ծրագիրին:
ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն դպրոցէն, հայոց պատմութեան ուսուցչուհի Ն. Մուրադեանի կազմակերպած դաս-ձեռնարկին ընթացքին աշակերտները մանրամասն ներկայացուցին Ալեքսանտր Մանթաշեանի կեանքն ու գործունէութիւնը, օգտագործուեցան տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցման արհեստաբանութիւններ: Ներկայ աշակերտները (7-րդ դասարան ) եւ ուսուցիչները ստացան բաւականաչափ տեղեկութիւններ մեծ բարերարի գործունէութենէն: