Արցախի Վարչապետը Յանձնարարած Է Խթանել Տեղական Շինանիւթերու Արտադրութիւնը Եւ Կիրառումը

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Մարտ 20-ին հանդիպած է շինարարական խոշոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ` քննարկելու  տեղական շինանիւթերու արտադրութեան խթանման հետ կապուած շարք մը հարցեր: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն  կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Շինարարութեան բնագաւառի պատասխանատուներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր համարած է կառուցապատման եւ բարեկարգման ծրագիրներուն մէջ  տեղական շինանիւթերու օգտագործման ծաւալներու աւելացման անհրաժեշտութիւնը: Ուստի, կառավարութեան ղեկավարի համոզմամբ, հարկ է վերանայիլ պետական քաղաքականութիւնը այդ ոլորտին մէջ:

«Այսօր անհրաժեշտ է զարկ տալ տեղական շինանիւթերու արտադրման եւ կիրառման, որ ունի սոցիալ-տնտեսական մեծ նշանակութիւն: Միւս կողմէն շռայլութեան հնարաւորութիւն եւ իրաւունք չունինք, առաւել եւս երբ որոշ ծրագիրներու կիսատ ըլլալու պատճառներէն մէկն անտեղի թանկացումներն են»,- նկատած է վարչապետ Յարութիւնեան: Ան յատուկ յանձնարարական տուած է ոլորտի պատասխանատուներուն, որպէսզի անոնք հաշուի առնեն տեղական արտադրութեան ապրանքանիւթերու օգտագործումը`քաղաքաշինական նախագիծերուն մէջ նախապատուութիւնը տալով արցախեան շինանիւթերուն, որ կը խթանէ արտադրութեան ընդլայնումն ու որակական տուեալներու բարելաւումը:

Խորհրդակցութեան ընթացքին քաղաքաշինութեան նախարար Կ. Շահրամանեան հանդէս եկած է  տեղեկատուութեամբ եւ պարզաբանումներով քննարկուող հարցի վերաբերեալ:

Հանդիպման աւարտին կառավարութեան ղեկավարը պատասխանած է ներկաներուն յուզող հարցերուն եւ տուած պարզաբանումներ:

%d5%af%d5%a1%d5%bc%d5%a1%d5%be%d5%a1%d6%80%d5%b8%d6%82%d5%a9%d5%b5%d5%b8%d6%82%d5%b61 %d5%af%d5%a1%d5%bc%d5%a1%d5%be%d5%a1%d6%80%d5%b8%d6%82%d5%a9%d5%b5%d5%b8%d6%82%d5%b6

Scroll Up