Խաղաղութեան Պատգամ Թուրքիոյ. լուսանկարներ, տեսանիւթ

«Հայերն այսօր»– «Արուեստի Խաղաղութիւնը » կազմակերպութիւնը www.peaceofart.org կը շարունակէ իր ամէնամեայ արշաւը` Հայոց ցեղասպանութեան 102 -րդ տարելիցին ընդառաջ ԱՄՆ- ի Մասաչուսէթս նահանգի 7 բանուկ մայրուղիներու վրայ Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն ընթացքին բարձրացնելով ելեկտրոնային վահանակներ, իսկ Ապրիլ 1-էն Պոսթընի հարաւ-արեւելեան ճեպընթաց մայրուղիին վրայ` կոչ ընելով միջազգային հանրութեան ճանչնալ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը` Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«2017թ-ի Ապրիլը կը համարուի աշխարհի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններու եւ Հոլոքոստի յիշատակման ամիս, եւ այդ առիթով մեր վահանակներով կոչ կ’ընենք Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը` յարգելով յիշատակը նաեւ բոլոր ցեղասպանութիւններու անմեղ նահատակներուն:
2016 թ-ին Հռոմի պապը այցելելով Հայաստան` եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր` Ծիծեռնակաբերդի մէջ` անձնապէս խոնարհելով եւ յարգելով 1,5 միլիոն անմեղ զոհերուն յիշատակը: Վահանակը կ’արտացոլէ պատմական այն պահը, երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի հետ միասին Պապ Ֆրանչիսկոսը կաթոլիկ աշխարհի անունէն խաղաղութեան պատգամ կը յղէ Թուրքիոյ դէպի Մասիսը թեւածող աղաւնիներու տեսքով` յորդորելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը»,- ըսած է «Արուեստի Խաղաղութիւնը » կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ, նկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը:
«Արուեստի Խաղաղութիւնը » կազմակերպութիւնը 2015թ-ին բարձրացուցած է հարիւր վահանակ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 10-րդ տարելիցին, ինչպէս նաեւ երախտագիտութեան վահանակներ Գերմանիոյ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսին անոր` 2015 թ-ի Ապրիլ 12-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն սուրբ պատարագի մատուցման եւ այն 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը անուանելու համար:
2003 թ-ին Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան հիմնած է «Արուեստի Խաղաղութիւնը » անշահոյթ կրթական մարդասիրական կազմակերպութիւնը, որն կ’օգտագործէ արուեստի համընդհանուր լեզուն իրազեկելով մարդկային գոյավիճակին մասին, նպաստելով հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման` առանցք ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը:
1996 թ-էն ի վեր` վերջին քսան տարիներուն ընթացքին, Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան կը ծաւալէ ամէնամեայ գործունէութիւն` բարձրացնելով Հայոց ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող մեծածաւալ ցուցապաստառներ եւ հանրութեան ներկայացնելով Հայոց ցեղասպանութեան ողջ իրողութիւնը` որպէս անհերքելի պատմական փաստ` կոչ ընելով անոր միջազգային ճանաչման:
«Արուեստի Խաղաղութիւնը» կազմակերպութիւնը ձօնուած է աշխարհի խաղաղութեան բոլոր պահապաններուն եւ իրագործողներուն, նաեւ անոնց, որոնք ունեցած են քաջութիւն իրենց կեանքը վտանգելու մարդկութեան բարօրութեան համար:
Հեղինէ Գէորգեան