Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Կատարած Է «Յակոբեան» Առեւտրա-Արդիւնաբերական Վաճառատան Բացումը

Մարտ 9-ին Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. Արք. Սարգսեան, ընկերակցութեամբ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Ռոպերթ Բեգլարեանի եւ Առաջնորդարանի դիւանապետ Սերոժ Օհանեանի, Թեհրանի հիւսիսը գտնուող Էսփինաս նոր հիւրանոցի մէկ բաժինին մէջ բացումը կատարեց «Յակոբեան» առեւտրա-արդիւնաբերական հաստատութեան նոր վաճառատան:

Հիւրանոցի մուտքին մօտ Սրբազան հօր դիմաւորեցին հաստատութեան տնօրէն Սմբատ Յակոբեանն ու եղբայրը` Հարմիկ Յակոբեան, հաստատութեան պաշտօնեաներն ու հրաւիրեալները: Աղ ու հացի աւանդական օրհնութենէն ետք  Սրբազան հայրը կտրեց մասնաճիւղի պաշտօնական մուտքի ժապաւէնը եւ այնուհետ շրջագայեց վաճառատան բաժիններով, որուն աւարտին Սրբազան հայրը շնորհաւորեց Յակոբեան եղբայրներն ու յատկապէս Սմբատ Յակոբեանը` անոնց նախաձեռնող ու ապագայատեսիլ ոգիին համար: «Դուք ձեր այս ինքնատիպ ասպարէզով մեծ ներդրում  բերած էք եւ կը բերէք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան առեւտրա-արդիւնաբերութեան գործին, եւ ասիկա մեզի համար եւս մեծ պատիւ է եւ հպարտութեան առիթ,- ըսաւ Սրբազան հայրը եւ աւելցուց,- Ի սրտէ կը շնորհաւորեմ եւ կը գնահատեմ ձեզ, յաջողութիւն եւ առաւել արդիւնաւէտ գործունէութիւն կը մաղթեմ»:

Հանդիսութեան, ի շարս այլ հրաւիրեալներու, ներկայ էին նաեւ. Գէորգ Վարդանեանն ու բազմաթիւ համագործակիցներ:

Աղբիւրը` tehranprelacy.com

 

Scroll Up