Արցախի Դէմ Ատրպէյճանի Ապրիլեան Յարձակումները Լուրջ Հարուած Հասցուցած Է Բանակցային Գործընթացքին. Նալպանտեան

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները չեն ընթանար, քանի որ անցած տարուան Ապրիլին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի դէմ յարձակումները շատ լուրջ հարուած  հասցուցած է  բանակցային գործընթացքին:

Մարտ 10-ին Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Գոցիասի հետ հանդիպումէն յետոյ համատեղ ասուլիսին այս մասին ըսաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

«Եւ հէնց այդ պատճառով է, որ Հայաստան եւ եռանախագահող երկիրները կը շարունակեն քայլեր ձեռնարկել, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ պայմաններ ստեղծել բանակցութիւններն առաջ տանելու համար: Հէնց այդ նպատակին  միտուած էին  Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի գագաթնաժողովները: Ակնյայտ է, որ Հայաստանը եւ եռանախագահները կը խօսին մէկ լեզուով, Ատրպէյճանը` մէկ այլ: Հէնց Ատրպէյճանը կը հրաժարի կեանքի կոչել Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւնները»,­- ընդգծեց Նալպանտեան:

Նախարարը  աւելցուց` երբ պայմանաւորուածութիւններ  ձեռք կը  բերուին, սակայն յետոյ Ատրպէյճանը կը հրաժարի ատոնք  կեանքի կոչելէն, հարց կ´առաջանայ` արդեօք այդ երկիրը պատրաստ է խաղաղ կարգաւորման, արդեօք կը ցանկայ բանակցութիւններու ճանապարհով հիմնախնդրի կարգաւորման:

Էդուարդ Նալբանդեան շեշտեց, որ, այնուամենայնիւ, հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ու բանակցութիւններուն այլընտրանք չկայ:

«Մենք կը շարունակենք քայլեր ձեռնարկել բանակցային գործընթացքը շարունակելու ուղղութեամբ համապատասխան պայմաններ ստեղծելու համար: Հէնց ատոր  միտուած է Մինսկի խումբի համանախագահներու այցն Ատրպէյճան: Մարտ 27­-ին եռանախագահները պիտի գան Հայաստան, պիտի այցելեն նաեւ Ղարաբաղ»,­-168.am-ի փոխանցմամբ` յայտնեց Էդուարդ Նալբանդեան:
եզրափակելով խօսքը` ՀՀ ԱԳ նախարարն ընդգծեց, բանակցութիւնները վերսկսելու համար պէտք է բացառուին այնպիսի իրադարձութիւններ, ինչպիսիք տեղի ունեցան նախորդ տարուան Ապրիլին:

 

Scroll Up