Թեհրանի Մէջ Պարսկերէնով Հրատարակուած է «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐ (1915-1923 թթ.)» Գիրքը

Թեհրանի մէջ լոյս տեսած է «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐ (1915-1293 թթ.)» պարսկերէն հատորը` Կովկասի եւ Թուրքիոյ հարցերու փորձագէտ Իսակ Յունանեսեանի աշխատասիրութեամբ: Գիրքը հրատարակուած է 1000 օրինակով,  «Սալես» հրատարակչութեան կողմէ, կը հաղորդէ «Ակունք»-ը:

Սոյն աշխատասիրութիւնը բաղկացած է տասը մասերէ: Առաջին գուլխին մէջ հեղինակը ամփոփ կերպով ներկայացուցած է փոթորկալի ելեւէջերով հարուստ հայոց պատմութիւնը, անդրադարձած Օսմանեան կայսրութեան կազմաւորման, փանթուրքիստական եւ փանթուրանիստական տեսութիւններու արմատներուն, ապա` Արեւմտեան Հայաստանի  մէջ բնակող հայ ժողովուրդի եւ Օսմանեան պետութեան դիմակայումներուն:

Երկրորդ գուլխին մէջ լուսաբանուած են հայութեան հանդէպ օսմանցիներու կողմէ թշնամանքի սկզբնաւորման պատճառները, հայկական դատի ծագումը եւ այն պայմանագիրները, որոնք կ՛ապացուցեն օտար պետութիւններու ուղղակի դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի ցաւալի ճակատագրի որոշման մէջ:

Երրորդ գլուխին մէջ վերլուծում կատարուած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը 20-րդ դարասկիզբին, կոտորածներու սկսումը, Ցեղասպանութեան դրդապատճառներն ու մեքանիզմը եւ ատոնց զուգահեռ` Օսմանեան կայսրութեան մէջ աշխատող օտարերկրացի դիւանագէտներու եւ ականատեսներու վկայութիւնները:

Չորրորդ գլուխը յատկացուած է Հայոց ցեղասպանութեան ոչ այնքան յայտնի ծալքերէն մէկուն՝ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին Թուրքիոյ ռազմավարական դաշնակից Գերմանիոյ դերակատարութեան եւ միաժամանակ այդ դէպքերու վերաբերեալ  գերմանացի դիւանագէտներու արձանագրած զեկոյցներուն:

Հինգերորդ գլուխը սոյն աշխատասիրութեան ամենակարեւոր բաժիններէն է, ուր ներկայացուած են այն փաստաթուղթերը, որոնք մեծ մասամբ երեւան եկած են թրքական արխիւներէն եւ կը պարունակեն այդ երկրի քաղաքական այրերու արտայայտութիւնները: Այդ փաստագրուած ապացոյցերու ուսումնասիրումը կրնայ փարատել Ցեղասպանութեան վերաբերեալ առկայ ամէն կասկածանք ու երկբայութիւն, եւ ի դերեւ հանել թուրք քաղաքական գործիչներու ու պատմաբաններու յաւակնած վարկածները` պատերազմական իրավիճակի հրամայական պատճառներով հայ ժողովուրդի բռնագաղթեցման եւ կոտորման մասին, որոնք իբրեւ թէ համաճարակ հիւանդութիւններու եւ սովի հետեւանքներ եղած են:

Վեցերորդ գլուխը յատկացուած է ականատեսներու վկայութիւններուն, եւրոպացի եւ ամերիկացի փորձագէտներու արտայայտութիւններէն հատընտիր մէջբերումներուն եւ համաշխարհային հեղինակութիւն վայելող մամուլին մէջ հրապարակուած զեկոյցներուն:

Եօթներորդ գլխուն մէջ խօսուելով Ցեղասպանութեան մասին` քննարկուած է այդ ողբերգութեան յառաջացուցած բարոյական եւ նիւթական վնասները:

Ութերորդ եւ իններորդ գլուխները յատկացուած են միջազգային հանրութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի քննարկման եւ թուրք մտաւորականութեան տեսակէտներուն ու գաղափարներուն` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

Աւարտական բաժինին մէջ հեղինակը իրանահայ փորձագէտի դիտանկիւնէ վերլուծած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հարցի հանդէպ եւ այդ բաժնի շարունակութեան մէջ ներկայացուցած է որոշ  իրանցի ականատեսներու նկարագրութիւնները եւ Իրանի Իսլամական յեղափոխութենէն առաջ ու յետոյ գործած շարք մը քաղաքական գործիչներու արտայայտութիւնները այդ թեմային վերաբերեալ:

Scroll Up