Պոլսահայ Պատգամաւորը Խորհրդարանին ՄԷջ Յիշեցուցած Է Արեւմտահայ Ֆեմինիսթ Կանանց Մասին

Թուրքիոյ «Ժողովրդային-Հանրապետական կուսակցութեան» (CHP-ԺՀԿ) կին պատգամաւոր Սելինա Տողան խորհրդարանին մէջ խօսած է կնոջ նկատմամբ բռնութեան վերաբերեալ նոր օրէնքի նախագիծին մասին:

Ըստ հայկական «Ակօս»-ին` խորհրդարանի լիագումար նիստին ելոյթ ունեցած Տողան ներկաներուն յիշեցուցած է արեւմտահայ կին գրողներուն ու մտաւորականներուն մասին, որոնք եղած են Թուրքիոյ կանանց իրաւունքները պաշտպանած առաջին կիները:

Տողան ցուցադրած է թրքերէնով տպագրուած «Արդարութեան ճիչ» գիրքը, որ կը պատմէ ֆեմինիսթ հայ գրողներ, մտաւորականներ ու կանանց իրաւունքներու պայքարի գործիչներ Էլպիս Կէսարետեանի, Սրբուհի Տիւսափի, Զապէլ Ասատուրի, Զապէլ Եսայեանի եւ Հայկանոյշ Մարքի կեանքի ու գործունէութեան մասին,  կը գրէ ermenihaber.am-ը:

Տողան նշած է, որ այդ գիրքը կարեւոր պատմական տեղեկութիւններ կը պարունակէ օսմանեան հասարակութեան շրջանին կանանց իրաւունքներուն համար պայքարին վերաբերեալ: Տողան թրքական խորհրդարանի անդամներուն տեղեկութիւններ  տուած է նշեալ կանանց գործունէութեան վերաբերեալ:

 

 

Scroll Up