Լոյս Տեսած է Լիբանանի «Ազդակ» Օրաթերթի 90-ամեայ Յոբելեանի Բացառիկը

Լոյս տեսած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի 90-ամեայ յոբելեանի բացառիկ թիւը:

Այս մասին «Արմենփրես»-ին տեղեկացուցած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:

Շուրջ 450 էջէ բաղկացած բացառիկ թիւը կը ներկայացնէ պարբերականին պատմութիւնը, անցած ուղին: Բացառիկին մէջ զետեղուած են Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահներուն, ՀՀ սփիւռքի նախարարին, հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետերուն եւ այլ նշանաւոր գործիչներու ուղերձները:

«Մարտ 8-ի երեկոյեան թերթերը տպարանէն դուրս բերինք, բաւական տպաւորիչ թիւ է: Կան հարցազրոյցներ, ուղերձներ, յուշագրութիւններ, վերլուծութիւններ: Ներկայացուցած ենք հարցազրոյցներ թերթի գլխաւոր խմբագիրներուն հետ, ներկայացուցած ենք նաեւ այն մարդոց ցանկը, որոնք 90 տարուան ընթացքին եղած են տնօրէններ, գլխաւոր խմբագիրներ, «Ազդակ»-ի մէջ տարբեր պաշտօններ գրաւած մարդիկ, շուրջ 500 հոգի»,- ըսած է Շահան Գանտահարեան:

Բացառիկը իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ «Ազդակ»-ի անցած ուղիին չերեւցող հատուածը: Մասնաւորապէս, աշխատակիցներու մարդկային փոխյարաբերութիւնները, դժուարին, վտանգաւոր ժամանակաշրջանին խնդիրներու յաղթահարման ուղղուած քայլերը: Այդ ամէնը յաջողած են ամփոփել եւ ներկայացնել ամիսներու ընթացքին: Շահան Գանտահարեան նշած է, որ այս բացառիկ թիւը իր նպաստը պիտի բերի սփիւռքահայ մամուլի պատմութիւնը գրի առնելու գործին:

«Այս 90 տարուան ընթացքին «Ազդակ»-ի գլխաւոր ձեռքբերումներէն մէկը այն կարեւոր գործառոյթներն են` ուղղուած հայապահպանութեան, արեւմտահայերինի պահպանման ու  զարգացման, այդ գործին մէջ երիտասարդութեան ներգրաւման, արհետավարժ լրատուութիւն հաղորդելուն թէ Լիբանանի, թէ հայկական աշխարհի իրադարձութիւններու մասին: Այլ խօսքով՝ անիկա հսկայական նիւթերու շտեմարան է»,- աւելցուցած է ան:

Շահան Գանտահարեան տեղեկացուցած է, որ շուտով պիտի աւարտի թերթի 90-ամեայ ամբողջ արխիւի թուայնացումը, արդի որոնման համակարգերով հնարաւոր պիտի ըլլայ գտնել «Ազդակ»-ի հրապարակումները:

Բացառիկը լոյս տեսած է 1500 օրինակով, պիտի տրամադրուի հայրենագիտական կեդրոններուն, լրատուամիջոցներուն, անոնց, որոնք աշխատակցած են թերթին:

Scroll Up