Պոլսոյ Մէջ Իսլամացուած Հայերուն Համար Կազմակերպուած Հայերէնի Դասընթացքը Մեծ Յաջողութիւն Ունեցած Է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/03/se.thumb_.jpg)
Պոլսոյ մէջ արդէն քանի մը ամիս է, որ յաջողութեամբ կը շարունակուի իսլամացուած հայերու մայրենի լեզուի դասընթացքը, որ, ինչպէս նշած ենք նախապէս, նախաձեռնած էր ծնունդով Պէյրութէն Օքսֆորտի շրջանաւարտ Հրակ Փափազեանը:
Ամիսներ առաջ Հրակը յաջողեցաւ կազմաւորել իսլամացուած հայերէ բաղկացած առանձին խումբ մը, ուր կան նաեւ Մուշի, Սասունի, Ատափազարի, Պինկեոլի մէջ մեծցած հայեր, որոնք տարիներ շարունակ հեռու գտնուած են Պոլսոյ հայկական համայնքէն, եկեղեցիէն եւ դպրոցներէն կամ ինչ-ինչ պատճառներով աւելի ուշ տեղեկացած են իրենց ծագման մասին, կը գրէ tert.am-ը:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ իսլամացուած հայերու` հայկական դպրոցներուն մէջ մայրենին սորվելու հնարաւորութիւնը փաստացի անհնար է` առաջին հերթին հէնց երկրի օրէնքներուն համաձայն: Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրէնսդրութեան համաձայն` երկրի բոլոր քաղաքացիները պաշտօնապէս թուրք կը համարուին, իսկ հայերը, յոյները եւ հրեաները կը համարուին կրօնական փոքրամասնութիւն:
Ըստ Լոզանի պայմանագիրի երրորդ բաժինի 37-45 կէտերուն` կրօնական փոքրամասնութիւն համարուելու շնորհիւ հայերն իրաւունք ստացած են սորվելու իրենց մայրենին, որմէ զրկուած են քիւրտերը, զազաները, չերքէզները, լազերը եւ առհասարակ ոչ թուրք բոլոր իսլամները:
Այսպիսով` Պոլսոյ մէջ գործող համայնքային հայկական դպրոցներուն մէջ կրնան սորվիլ միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակները` ներկայացնելով նախ մկրտութեան թուղթ:
Փաստացի այս գործընթացքէն դուրս կը մղուին նաեւ ալեւիացած եւ իսլամացուած բոլոր հայերը, որոնց շրջանին մէջ հայերէն սորվելու ձգտում դրսեւորողներուն առջեւ միակ բաց «պատուհանը» կը մնայ վերջին տարիներուն որոշ միութիւններու կամ անհատներու կողմէ նախաձեռնուող բաց դասընթացները, որոնք աւելի առաջ կազմակերպուած են Տիգրանակերտի, Տերսիմի եւ Մուշի մէջ:
Շատ յաճախ այս դասընթացները շարունակական բնոյթ չեն կրեր` ֆինանսական աջակցութեան բացակայութեան պատճառով: