Օդեսայի ՄԷջ Յարգած Են Սումգայիթեան Չարագործութեան Զոհերու Յիշատակը

Փետրուար 28-ին Օդեսայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ 1988թ. Սումգայիթի մէջ տեղի ունեցած հայկական ջարդերու անմեղ զոհերուն:
ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը հաղորդէ Նարինէ Մուրադեան, իր խօսքին մէջ Տէր Աբգար քահանայ Գըլըճեան ըսաւ. «Մեր պարտքն է` աղօթել եւ անմահ պահել անոնց վառ յիշատակը: Անցեալ դարավերջի այս ողբերգութիւնը եղաւ դարասկիզբի ցեղասպանութեան շարունակութիւնը, որն անպատիժ մնաց: Յոյսով եմ` ոճրագործներն իրենց պատիժը Աստուծմէ կը ստանան: Մենք պիտի դաս քաղենք եւ միասնական ըլլանք: Ուր ալ գտնուինք` հայրենիքի մէջ, թէ՛ հայրենիքէն դուրս, մեր ուժը մեր միասնութիւնն է: Այդ կը հաւաստեն արցախեան իրադարձութիւնները` անպարտ Արցախը:
Աստուա՜ծ մեզ օգնական, որ միշտ խաղաղութեամբ աղօթենք»: