«Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» Համահայկական մրցանակաբաշխութիւն – 2017
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսը եւ Ռուսաստանի հայերու միութիւնը «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» 2017 թ. մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս կը յայտարարեն մրցոյթներու պայմանները հետեւեալ անուանակարգերուն`
- «Մայրենիի պաշտպան» (անհատներ),
- «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ»,
- «Երիտասարդական, ուսանողական կազմակերպութիւն»,
- «Ազատ Արցախ» մանկապատանեկան լաւագոյն ստեղծագործութիւններու մրցոյթ (նկար, քանդակ (լուսանկար), երգ, բանաստեղծութիւն, պատմուածք, շարադրութիւն, գրական փորձ եւ այլն):
«Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» մրցանակաբաշխութեան նպատակն է խրախուսել Սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման հարցով կազմակերպութիւններու, տարբեր խումբերու, առանձին անհատներու ունեցած ներդրումը, գնահատել եւ արժեւորել այս ուղղութեամբ հայկական համայնքներու գործունէութիւնը:
1. «Մայրենիի պաշտպան» (անհատներու համար) մրցոյթի կազմակերպման նպատակն է խրախուսել սփիւռքեան կառոյցներ ու անհատներ, որոնք մեծ ներդրում ունին մայրենիի պահպանման, տարածման, հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին մէջ:
Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ Սփիւռքի մէջ գործող համայնքային կազմակերպութիւններ, կրթօճախներ, մշակութային հաստատութիւններ, մայրենի լեզուի ուսուցիչներ, լեզուաբաններ, մշակոյթի եւ գրական գործիչներ:
2. «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ» մրցոյթին նպատակն է խրախուսել Սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման, սերունդներու հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան, հայապահպանական ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ նշանակալի ներդրում ունեցող հայկական կրթօճախները, խթանել անոնց ստեղծումն ու ազգապահպան գործունէութիւնը:
3. «Երիտասարդական, ուսանողական կազմակերպութիւն» մրցոյթին նպատակն է աշխուժացնել եւ խրախուսել Սփիւռքի երիտասարդական, ուսանողական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը` կարեւորելով անոնց դերակատարութիւնը համահայկական, համազգային խնդիրներու լուծման գործին մէջ:
Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ Սփիւռքի մէջ գործող երիտասարդական կառոյցները, ինչպէս նաեւ` ուսանողական կազմակերպութիւնները, որոնք.
- Գրանցուած են տուեալ երկրի օրէնսդրութեան համապատասխան կամ կը գործեն տեղի հայկական համայնքի, մշակութային, եկեղեցական կառոյցներուն կից կամ համալսարաններու մէջ:
- Ունին առնուազն երեք տարուան գործունէութեան փորձ:
4.«Ազատ Արցախ» մանկապատանեկան լաւագոյն ստեղծագործութիւններու մրցոյթը (նկար, քանդակ (լուսանկար), երգ, բանաստեղծութիւն, պատմուածք, շարադրութիւն, գրական փորձ եւ այլն) նպատակ ունի նպաստել հայրենասիրական զգացումներու, ազգային ինքնագիտակցութեան, պատմական եւ մշակութային գիտակցութեան ձեւաւորման ու զարգացման:
Մասնակիցները կրնան ներկայացնել արուեստի տարբեր ոլորտները ներկայացնող աշխատանքներ` նկար, քանդակ, փայտագործական, խեցեգործական իր/առարկայ, երաժշտական ստեղծագործութիւն, բանաստեղծութիւն, շարադրութիւն եւ այլն:
Աշխատանքները ներկայացնելու ժամանակ պէտք է նշել` հեղինակի անունը, ազգանունը, տարիքը, բնակութեան երկիրը, քաղաքը, ստեղծագործութեան անուանումը, հասցէն (ելեկտրոնային) եւ հեռաձայնի թիւը, ինչպէս նաեւ կրթօճախը, մշակութային հաստատութիւնը, մանկապատանեկան կեդրոնը, արուեստի դպրոցը կամ խմբակը, ուր կը սորվի ստեղծագործութեան հեղինակը (տուեալները թերի ներկայացնելու պարագային դիմումը չ’ընդունուիր):
Մրցոյթը կ’իրականացուի երկու հանգրուանով.
- Համայնքներէն ներս կ’իրականացուի մրցոյթի առաջին հանգրուանը, որուն արդիւնքով ընտրուած ստեղծագործութիւնները կ’ուղարկուին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն:
- Երկրորդ հանգրուանին նախարարութեան կողմէն ձեւաւորուած մրցութային յանձնախումբը աշխատանքներու գնահատման արդիւնքով կը յայտարարէ մրցոյթի յաղթողները:
ՄՐՑՈՅԹՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՑԱՆԿԱՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑՈՂՆԵՐԸ ԼՐԱՑՈՒԱԾ ԴԻՄՈՒՄՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆ ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԻՆՉԵՒ 2017 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1:
Մրցոյթներու արդիւնքները կ’ամփոփուին 2017 թ. Դեկտեմբեր ամսուն:
Մասնակցութեան դիմումին կից անհրաժեշտ է ներկայացնել.
– կրթութեան մասին փաստաթուղթ (պատճէնը),
– համայնքի, կառոյցի կամ դպրոցի կողմէն տրուած բնութագիր-երաշխաւորագիր (հաստատուած կնիքով եւ ղեկավարի ստորագրութեամբ),
– իւրաքանչիւր անուանակարգի համար դիմողի գործունէութեան նկարագիր,
– նիւթեր, ներառեալ` տեսանիւթեր, որոնք կը փաստեն մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու դիմողներու կողմէն իրականացուած հայապահպանական ծրագիրներուն մասին: Մրցութային յանձնախումբը կրնայ դիմել դիմորդին` վերջինիս գործունէութիւնը լուսաբանող լրացուցիչ տպագիր նիւթեր, գիրքեր, հրատարակութիւններ, տեսաերիզներ, լուսանկարներ եւ այլ լրացուցիչ նիւթեր տրամադրելու խնդրանքով:
Ներկայացուած դիմումները կ’ուսումնասիրուին մասնագիտական մրցութային յանձնախումբին կողմէն:
Դիմումը կրնաք ներբեռնել www.mindiaspora.am նախարարութեան պաշտօնական կայքէջէն կամ www.hayernaysor.amելեկտրոնային թերթէն, լրացնել, ստորագրել, համայնքային կազմակերպութեան (կամ եկեղեցւոյ) կամ կրթօճախին կողմէ տրուած երաշխաւորագիրին հետ միասին ուղարկել gitakrtakan.diaspora@yandex.ru, gitakrtakan-diaspora@mail.ru, mshakuyt.diasopora@mail.ruելեկտրոնային հասցէներուն:
Մրցանակաբաշխութեան իրականացման պատասխանատու` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագիրներու վարչութիւն (հեռ.` +374 10 58 56 01 (7-00), +374 60 500-830):
«Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակելի աւանդի համար» համահայկական ամէնամեայ մրցանակաբաշխութեան 2017 թ. մրցոյթներու արդիւնքներու մասին տեղեկատուութիւնը կը տեղադրուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ`www.mindiaspora.am կամ www.hayernaysor.am «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային թերթին մէջ:
ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ