Նշուած Է Փըրմի «Մեսրոպ Մաշտոց» Հայկական Դպրոցի Հիմնադրման 15-Ամեակը
Փետրուար 26-ին ՌԴ Փըրմ քաղաքին մէջ տօնական ձեռնարկով նշուած է «Մեսրոպ Մաշտոց» հայկական դպրոցի հիմնադրման 15-ամեակը, որ միաժամանակ նուիրուած էր Մայրենիի օրուան:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Փըրմի հայկական համայնքէն, ձեռնարկը ողջոյնի խօսքով բացած են Փըրմի հայկական մշակութային կեդրոնի անդամներ Արմէն Գարսլեան եւ Գրիգոր Թաշչեան: Անոնք իրենց խօսքին մէջ կարեւոր համարած են դպրոցի դերակատարութիւնը քաղաքին մէջ բնակող հայերուն, յատկապէս` երիտասարդներու հոգեւոր, մշակութային եւ կրթական կեանքին մէջ:
Յոբելեանի առիթով շնորհաւորելու եկած էին համայնքային անդամներ, դպրոցի նախկին շրջանաւարտներ, Փըրմի քաղաքային իշխանութիւններու, ազգային հասարակական կազմակերպութիւններու, Մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի եւ այլ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ներկաներուն լուսանկարներու միջոցով ներկայացուած է դպրոցի գործունէութեան տասնհինգ տարին, որմէ յետոյ շրջանաւարտները դպրոցական տարիներէն իրենց ջերմ յիշողութիւններով կիսուած են եւ ասմունքած:
Տեսաուղերձի միջոցով շնորհաւորական խօսք յղած են դպրոցի խորհուրդի անդամ, Նիւ Եորք ապրող Արտաւազդ Վարդանեան եւ դպրոցի շրջանաւարտ, ժնեւ ուսանելու մեկնած Արեւիկ Գարսլեան:
Յոբելենական ցերեկոյթն աւարտած է Արարատ լեռը, Արարատեան դաշտն ու Արաքս գետը պատկերող տօնական կարկանդակի հիւրասիրութեամբ: