Էրտողան Բաւական Շատ Յանցանք Գործած է. Կարօ Փայլան
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մահապատժի հետ կապուած յայտարարութիւններով կը փորձէ Թուրքիան Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանէն հանելու հաշուարկներ ընել:
Նման յայտարարութիւն ըրած է Թուրքիոյ քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական (HDP) կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, կը յայտնէ «Արցախփրես»-ը:
Թրքական T24.com կայքի փոխանցմամբ` Կարօ Փայլան յայտարարած է, թէ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ու «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան նախագահ Տեվլեթ Պահչելին բաւական շատ յանցանք գործած են: «Վերջին երկու տարուան եւ յատկապէս յեղաշրջման փորձէն ետք շատ մարդիկ Թուրքիոյ մէջ տուժուած են: Միայն ՄԻԵԴ–ի կողմէ այդ հայցերով որոշումներու արդիւնքով պետութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ միլիատաւոր տոլարներ փոխհատուցումներ վճարելու: Եւ այդ ամէնուն դէմը առնելու համար Էրտողանի մահապատիժ մտցնելը օրակագի մէջ կը պահէ, որպէսզի Թուրքիան հանէ ՄԻԵԴ–էն ու Եւրոպայի խորհուրդէն»,–ըսած է Փայլան` շեշտելով, որ դէպի ժողովրդավարութիւն շարժուող Թուրքիան գիծերէն դուրս եկած է: