ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն
Փետրուար 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի եւ կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները: Խորհրդակցութեան ներկայ էր Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Արփինէ Դանիէլեան:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին անցած շաբթուան կատարուած ընթացիկ աշխատանքները եւ իրականացուած ձեռնարկները, նշեցին յառաջիկայ ընելիքները, հանդէս եկան նոր առաջարկներով:
Կատարուած աշխատանքները եւ յառաջիկայ ծրագիրները ներկայացուց նաեւ Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Արփինէ Դանիէլեան:
Նախարարը կարեւոր համարեց ՀՀ կառավարութեան ծրագիր «Սփիւռք» բաժինի ձեռնարկներու ժամանակացոյցի լիարժէք, ժամանակին եւ պատշաճ կատարումը:
Քննարկուեցաւ «Արի տուն» ծրագիրի նախապատրաստական աշխատանքներուն նուիրուած շաբթուան ծիրէն ներս իրականացուող հանդիպումներու ու ձեռնարկներու կազմակերպումն ու լայն լուսաբանումը:
Տրուեցան յանձնարարականներ, կազմուեցաւ ժամանակացոյց, նշանակուեցան պատասխանատուներն ու համակարգողները: