Հայաստան Կ’աւելցնէ Գինիի Արտահանումը Չինական Շուկայ

Հայկական գինիի նոր խմբաքանակը Չինաստան կ’արտահանուի դեկտեմբերին: Այդ մասին «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուցած է Զարգացման հայկական գործակալութեան տնօրէն Ռոպերտ Յարութիւնեան:

«Գինիի խմբաքանակը կ’ուղարկուի մինչեւ դեկտեմբերի սկիզբ: Պիտի արտահանուի մէկ մեքենայ (20 թոն) բեռ»,- ըսած է Յարութիւնեան: Ան վստահեցուցած է, որ Հայաստանի մէջ գինեգործութիւնը զարգացնելու լուրջ հնարաւորութիւններ կան, եւ նոր շուկան թոյլ կու տայ ընդլայնել արտադրութիւնը:

Հայաստանի մէջ այս տարի հաւաքուած է 166.5 հազար թոն խաղող: Ընթացիկ տարուան ինը ամիսներուն ընթացքին մեր երկրին մէջ արտադրուած է աւելի քան 4 միլիոն լիթր գինի, ինչ որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը գերազանցած է 35.3 տոկոսով: Յունուար-սեպտեմբերին Հայաստանէն արտահանուած է 991 հազար 800 լիթր գինի, որուն 90.5 տոկոսը` Ռուսաստան, իսկ Չինաստան` ընդամէնը 39 հազար լիթր: Ամբողջ 2012 թ.-ին ՀՀ-էն ՉԺՀ արտահանուած էր մօտ 4 հազար լիթր գինի:

Ընթացիկ տարուան ինը ամիսներուն ՀՀ-էն ՉԺՀ արտահանուած է նաեւ 45.5 հազար լիթր ալքոհոլային ըմպելիք եւ 9000 լիթր խմորման ենթարկուած այլ ըմպելիք:

Յունուար-սեպտեմբերին Հայաստանի եւ Չինաստանի ապրանքաշրջանառութեան ընդհանուր ցուցանիշը կազմած է 321 միլիոն տոլար:

Scroll Up