Պարգեւներու Յանձնման Արարողութիւն Ռումանիոյ ՀՀ դեսպանութեան Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/11/unnamed-33.jpg)
Նոյեմբեր 21-ին Ռումանիոյ ՀՀ դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ հայոց լեզուի ուսուցման բնագաւառին մէջ աչքառու գործիչներու պարգեւատրման արարողութիւն: Կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտին մէջ ունեցած աւանդի եւ հայապահպան գործունէութեան համար Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան պատուոգրերով պարգեւատրուեցան հայերէնը որպէս օտար լեզու դասաւանդման «Կռունկ Հայաստանի» քառահատոր դասագիրքի հեղինակ, Պուխարեստի համալսարանին մէջ հայոց լեզուի դասախօս, մանկավարժական գիտութիւններու դոկտոր Աիտա Մարկոսեանը եւ ռումանահայերու համար արեւմտահայերէնի դասագիրքի հեղինակ, Պուխարեստի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի վաստակաշատ մանկավարժ, փրոֆէսոր Ուլնիա Պլանարու Մականեանը:
Մատաղ սերունդի հայապահպան դաստիարակութեան, կրթութեան գործին մէջ ունեցած աւանդի համար ՀՀ ԿԳՆ շնորհակալագրերով խրախուսուեցան Պուխարեստի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի ուսուցիչներ Արշալոյս Պարոնեանն ու Նարինէ Պոգդան Կաուշը: «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին մասնակցելու համար Սփիւռքի նախարարութեան հաւաստագիր յանձնուեցաւ Պելա Մարտիկեանի ղեկավարած Պուխարեստի «Վարդավառ» պարախումբին:
Պարգեւատրման պաշտօնական արարողութեան ներկայ էին Ռումանիոյ Հայոց միութեան գլխաւոր քարտուղար Պերճ Մարգարեան, ՌՀՄ փոխնախագահ Սիրուն Թերզեան, ԵՊՀ Հայ արուեստի պատմութեան ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի ամբիոնի վարիչ դոկտոր Լեւոն Չուքասզեան, ինչպէս նաեւ համայնքի անդամներ:
Ռումանիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Համլէտ Գասպարեան ՀՀ կառավարութեան անունէն երախտիքի խօսքեր յղեց սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան գործին մեծ աւանդ ունեցող հայոց լեզուի ուսուցիչներուն, որոնց ուսերուն դրուած է սփիւռքի երիտասարդութեան հայ դաստիարակելու պատասխանատու գործը:
Գնահատանքի խօսքերով եւ հայոց լեզուն ամենայն կերպով պահպանելու ուղերձով հանդէս եկան նաեւ ՌՀՄ գլխաւոր քարտուղար Պերճ Մարգարեանը եւ դոկտոր Լեւոն Չուքասզեանը: Այս մասին«Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: