Վարդանանց Տօնը Ախալքալաքի ՄԷջ

Փետրուար 22-ին Ախալքալաքի ապագայի տան դահլիճին մէջ գեղեցիկ ձեռնարկով մը նշեցին Վարդանանց տօնը եւ Դերենիկ Դէմիրճեանի 140 ամեակը:

Սբ. Վարդանանց տօնը` բարի գործի եւ ազգային տուրքի օրն է, որ կը նշուի Յունուար 30-էն Մարտ 4 ինկած ժամանակահատուածին:

Ձեռնարկին  ներկայ էին Շրջանային ժողովի նախագահ Համլէտ Մովսիսեան, Վարչութեան ղեկավար Էդուարդ Աղասարեան, Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութեան հոգեւոր դասի ներկայացուցիչները եւ այլք:

Գեղեցիկ բեմադրուած համարներով տարբեր տարիքի երեխաները ներկայացուցին Վարդան Մամիկոնեանի վարքն ու բարքը ցուցադրող կատարումներ:

jnews.ge-ի փոխանցմամբ` շրջանային ժողովի ղեկավար Համլէտ Մովսիսեան ողջիւնելով ներկաները` ըսաւ. «Ես շատ ոգեւորուած եմ մեր երեխաներու ոգեւորուածութեամբ, ու շատ ցանկալի պիտի ըլլայ, որ այս եւ նմանատիպ ձեռնարկները ըլլան վարակիչ եւ բոլոր համապատասխան հաստատութիւններու մէջ կազմակերպուին նմանատիպ ձեռնարկներ: Յատուկ շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել կազմակերպիչներուն»:

Մօտ ժամ ու կէս տեւող ձեռնարկին աւարտին բոլոր մասնակիցները տեղական իշխանութեան կողմէ պարգեւատրուեցան տիպլոմներով:

Ճուլիետա Տօնականեան

 

 

Scroll Up