Նալպանտեան Եւ Լաւրով Բացումը Կատարեցին Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու 25-ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէսին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/02/62498.jpg)
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալպանտեան եւ Սերկէյ Լաւրով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Ընդունելութիւններու տան մէջ բացումը կատարեցին արխիւային փաստաթուղթերու ցուցահանդէսին` նուիրուած երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին:
«Մենք այդ ընթացքին ամենասերտ կերպով դաշնակցութեան եւ ռազմավարական գործընկերութեան մեր յարաբերութիւնները զարգացուցած ենք երկկողմ ձեւաչափով, ՄԱԿ-ի, ՀԱՊԿ-ի, Եւրասիական տնտեսական միութեան, ԵԱՀԿ-ի, միջազգային այլ կազմակերպութիւններու մէջ»,- «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` ըսած Է Լաւրով ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ժամանակ:
Նախարարը նշած Է, որ ցուցահանդէսը առաջինը կը դառնայ երկու երկիրներու դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին մէջ:
«Մենք համաձայնած են լրացուցիչ քայլերու, որոնք կոչուած են արժանավայել նշելու այդ տարեթիւը»,-ըսած Է Լաւրով, աւելցնելով, որ Նալպանդեանը զինք հրաւիրած Է այցելելու Հայաստան:
«Մենք այդ հրաւէրը կ՛ընդունին, կը համաձայնինք անոր օրակարգին եւ այդ այցի ծրագիրին վրայ»,-ըսած է Լաւրով:
Ցուցահանդէսի բացումէն առաջ Լաւրով եւ Նալպանտեան ծաղիկներ դրած են Փետրուար 20-ին Նիւ Եորքի մէջ մահացած ՄԱԿ-ին առընթեր Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքինի դիմանկարին առջեւ, որ տեղադրուած Է ԱԳ նախարարութեան առանձնատան մէջ: