Յաւէտ Պայծառ Հայոց Լեզու
Գրասնոտարի «Արմատ» դպրոցի «Խաչքար» դասարանին մէջ կրկնակի տօն էր: Ցերեկոյթը` «Յաւէտ պայծառ հայոց լեզու» խորագիրով, նուիրուած էր մայրենի լեզուի միջազգային օրուան եւ ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան առթիւ: Ներկայ էին հիւրեր եւ ծնողներ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Արշալոյս Երեմեան, ցերեկոյթին առաջին մասը նուիրուած էր մեր հարազատ, մեսրոպատառ լեզուին: Սաները երգի, բանաստեղծութիւններու եւ թեմատիկ խաղերու միջոցով գովերգեցին քաղցրաբառ հայերէնը, որ հազարամեակներէ ժառանգած մեր մեծագոյն գանձն է, մեր ինքնութեան հիմնական գրաւականը:
Երկրորդ մասը նուիրուած էր Յովհաննէս Թումանեանին: Չկայ հայ երեխայ մը, որ չճանչնայ հայ բանաստեղծին: Թումանեան հասկնալի է ու սիրելի բոլոր տարիքներուն եւ հէնց ատոր համար ալ կ´ուղեկցի մեզ ողջ կեանքին ընթացքին, սորվեցնելով շատ – շատ բաներ չարի եւ բարիի, մարդկայինի ու աստուածայինի մասին: Աշակերտները ներկայացուցին բանաստեղծի «Շունն ու կատուն» վիպերգը, «Իրիկուն» բանաստեղծութիւնը, «Էս էն է» շուտասելուկը:
Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ կոչով. «Եկէ՛ք, սիրենք, պահպանե՛նք եւ օգտագործե՛նք մեր հնամենի, մայրենի լեզուն»:
Դու իմ մայրենի լեզուն ես վսեմ,
Քո սուրբ բառերով ուզում եմ խօսել:
Ուզում եմ ոգել տառերդ մէկ-մէկ,
Գրել սովորել, գրել նոր մի երգ: