Մայրենիի Միջազգային Օրը Համշէնցիները Պոլսոյ Մէջ Պիտի Երգեն Հայերէն

Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան առթիւ Թուրքիոյ համշենցիները Պոլսոյ մէջ պիտի երգեն հայրենի բարբառով, այս մասին կը յայտնէ Թերթ․ամ-ը՝ վկայակոչելով «Ակօս»-ը:

Այսօր` Մայրենի լեզուի միջազգային օրը, համշէնական «Վովա» խումբը համշէնական երգի երեկոյ կը կազմակերպէ Պոլսոյ ակումբներէն մէկուն մէջ:

Նշենք, որ «Վովա» խումբը իր առաջին մեծ ելոյթն ունեցած է պոլսահայ նշանաւոր լրագրող Հրանդ ԴՏինքի յիշատակին կազմակերպուած երեկոյի ընթացքին, ուր կատարած է հայերէն «Եար եար» երգը:

«Վովա» խումբի անդամները 2005-ին թողարկուած համանուն ալպոմի («վովա» Համշէնի բարբառով կը նշանակէ «ով է»- Tert.am) համար ձայնագրած են համշէնի բարբառով երգուած 13  ժողովրդական  երգ, որոնց մեծ մասը մինչեւ այդ մոռցուած էր ու անծանօթ` համշէնցիներու երիտասարդ սերունդին:

Ի դէպ, պատմական Համշէնը կը գտնուի ժամանակակից Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելքը: Համամ Ամատունի իշխանի հիմնած Համամաշէն քաղաքը քարտէզի վրայ կարելի է գտնել Հէմշին թրքերէն անուամբ, ատկէ փոքր արեւելք կը գտնուի թրքախօս համշէնցիների եւս այլ բնակավայր մը՝ Չամլըհէմշինը (կը թարգմանուի որպէս եղեւնոտ Համշէն – Tert.am): իսկ կրօնական եւ ազգային հալածանքներու հետեւանքով բուն Համշէնէն դէպի Խոպա, Օրտու, Կիրեսուն եւ Սամսուն արտագաղթած համշէնցիներուն բազմաթիւ գերդաստաններ հայերէնը պահպանեցին ընդհուպ մինչեւ 20-րդ դարի 80-ականներու վերջը: Խոպայի շարք մը գիւղերուն մէջ համշէնցիները սահուն հայերէն կը խօսին մինչեւ այսօր:

Scroll Up