Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան Նախագիծն Ընդունուած Է
ԼՂՀ հանրաքուէի կեդրոնական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան ամփոփած է հանրաքուէի նախնական արդիւնքները:
«Արցախփրէս»-ի թղթակիցի հաղորդմամբ` այսօր տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Սրբուհի Արզումանեան տեղեկացուցած է, որ հանրաքուէի արդիւնքներու պաշտօնական հրապարակումը կ´ըլլայ օրուան վերջը, իսկ վերջնական արդիւնքները յայտնի կ´ըլլան Փետրուար 23-ին:
«Արցախի ժողովուրդի հանրաքուէի մասնակցութիւնը կազմած է 76.5 տոկոս, ընտրողներուն մէջ 69540 քաղաքացի «կողմ» քուէարկած է, որ կը կազմէ քուէարկութեան մասնակցողներու 87.6 տոկոսը: 7686 քաղաքացի «դէմ» քուէարկած է, որ կը կազմէ ընտրողներու 9.7 տոկոսը: Անվաւեր ճանչցուած է 2202 քուէաթերթիկ: Կրնանք արձանագրել, որ հանրաքուէն կայացած է, եւ հանրաքուէի դրուած հարցը կը համարուի ընդունուած, այսինքն, Արցախի հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագիծն ընդունուած է»,- ըսած է Ս. Արզումանեան եւ աւելցուցած, որ սովորաբար հանրաքուէի նախնական եւ ամփոփիչ արդիւնքներուն միջեւ տարբերութիւնը շատ քիչ կ´ըլլայ:
ԼՂՀ ՀԿՀ նախագահը նաեւ նշած է, որ հանրաքուէին մասնակցութեան ամենամեծ ցուցանիշը արձանագրուած է Քաշաթաղի շրջանին մէջ, իսկ ամենացածը` Ստեփանակերտի մէջ: