Շնորհաւո՛ր Տօնդ, Իմ Մայր Լեզու

Մայրենիի տօնը, ի հարկէ, զուռնատհոլային տօներէն չէ: Սա մեր ոսկեղինիկ Մայրենին մեծարելու, փառաբանելու հոգեւո՛ր տօն է: Նաեւ առիթ է` խօսելու անոր յարգի, կարգի ու վիճակի մասին:

Տխրութեամբ կը յիշեմ` տարիներ առաջ քաղաքի կեդրոնական փողոցներուն մէջ խառնալեզու  հսկայ գովազդապաստառներու շարքին իր պատուաւոր տեղն ունէր ԿԳՆ Լեզուի պետական տեսչութեան հայատառ վահանակը, որ 1-ին կէտով կը յիշեցնէր` «ՀՀ-ի մէջ պետական լեզուն հայերէնն է» եւ 2-րդ կէտով կը յորդորէր` «Անաղարտ պահենք մեր մայրենին»: Այսինքն`  պետականօրէն կը փաստուէր, որ Մայր Հայրենիքի մէջ, ուրեմն, կ’անտեսուի եւ կ’աղաւաղուի Մայր լեզուն:

Չխորանանք պատմական ճշմարտութիւններու մէջ, թէ` մեր լեզուն  մեզի հայ պահած է, թէ` մեր լեզուով ի՜նչ հարուստ ու շքեղ կը հնչեն Սուրբ Գիրքն ալ, Շեքսփիրն ալ, աշխարհի բազում դասականները` նոյնպէս: Ուղղակի փաստենք, որ մեր լեզուն այլեւս չի փայլիր իր գեղեցիկ հնչողութեամբ, իր ճոխ բառապաշարով:

Ամէն Աստուծոյ օր մենք կ’աղաւաղենք, կը նուաստացնենք, կ’աղքատացնենք մեր լեզուն: Ի հարկէ, մենք այլասէր ենք: Կարեւոր կը համարենք, կը սորվինք ու կը սիրենք օտար լեզուներ, սակայն կը մոռնաք, որ Պետական լեզու ըլլալը իրաւունք ու արտօնութիւն կու տայ առաջինն ու գլխաւորը ըլլալու, այնինչ մեր պետական լեզուն մեր երկրին մէջ ո՛չ առաջինն է, ո՛չ գլխաւորը: Լեզուի հանդէպ անյարգալից ու արհամարհական վերաբերմունքը կը ճչայ հեռուստաեթերներէն, կ’աղմկէ տպագիր մամուլին, կայքերուն մէջ, շատ ու շատ պաշտօնեաներու,  պատգամաւորներու, նոյնիսկ` մտաւորականներու ելոյթներուն ընթացքին:

Լեզուի կրող-փոխանցողը, պահող-պաշտպանողը, լեզուի հանդէպ սէր, հիացմունք ու հպարտութիւն սերմանողը նաեւ գրաւոր խօսքն է: Ցաւօք, գրաւոր խօսքի, գիրքի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը յանգած է: Ազգային զարթօնքի օրերուն հիացնող շատ բան կար: Ազգային  մոռցուած, բարձրարժէք դասակարգերուն  կարօտցած` մեզ արդէն կը տեսնէինք` քիչ կը մնար թէ` ազգային տարազով, ազգային երգ ու պարին սիրահար, մայրենի քաղցրահունչ լեզուով գեղգեղալով` պետական լեզուն` հայերէն, պաշտօնաթերթերը` հայերէն, ցուցանակները, ազդագրերը` հայերէն:

Հպարտութեան արժանի մեր լեզուն սիրոյ, խնամքի, պաշտպանութեան, գնահատանքի խնդիր ունի: Մենք ուղղակի պարտաւոր ենք Տէր կանգնիլ Մայր լեզուին` ինչպէս Մայր Հայրենիքին, Մայր հողին, Մայր բնութեան:

Վարդանանք նահատակուեցան, որ հայու աղօթքն առ Աստուած հայերէն հնչէ` Աստուծոյ կողմէ պարգեւած լեզուով: Եւ այսօր հարկ է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրն իր հոգիին մէջ, իր ներսը նոր Աւարայր մը տայ: Մանաւանդ` Մայրենի լեզուի տօնը կը նախորդէ Վարդանանց նահատակներու յիշատակի օրը:

Հ.Գ. 2007-ին, երբ Հրանոյշ Յակոբեան ԱԺ պատգամաւոր էր, իրեն հետ Մայրենիի տօնին առիթով հարցազրոյցին ընթացքին հարց տուի` ,«Իսկ ինչպիսի՞ն է Ազգային Ժողովի լեզուն»: Ահա պատասխանը. «Շատ վատն է: Ես ժամանակին ԱԺ նախագահին առաջարկեցի ստեղծել երկու-երեք հոգանոց խումբ, որը հէնց նիստերի դահլիճում հետեւի մեր լեզուին, մեր իւրաքանչիւր սխալի, սայթաքման դէպքում մօտենայ, ներկայացնի, բացատրի:  Բացի բանաւոր շտկումներից, նաեւ գրաւոր ուղարկուի տուեալ պատգամաւորին: Բանաւոր խօսքում, բնական է, որ երբեմն սայթաքումներ լինում են, այդ պատճառով էլ ես գտնում եմ, որ պէտք է հսկողութիւն իրականացուի»: Իսկ «Չէ՞ք կարծեր, որ ԱԺ-ին անհրաժեշտ է հայոց լեզուի ուսուցման դասընթացներ բանալ» կատակով տուած հարցիս պատասխանեց` «Այո՛»: Նայած,թէ յաջորդ Ազգային ժողովը մտաւոր ինչպիսի՞ կարողութիւններ կ’ունենայ»:

 

                                                            Ժաննա Ղոչիկեան, լրագրող, բանաստեղծուհի

 

Scroll Up