Բակօ Սահակեան Մասնակցեցաւ Սահմանադրական Հանրաքուէին

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 3/3 ընտրատեղամասին մէջ կատարեց իր քաղաքացիական պարտքը` մասնակցելով սահմանադրական հանրաքուէին:
Քուէարկութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ԼՂՀ նախագահը սահմանադրական հանրաքուէի իրականացումը գնահատեց որպէս մէկ քայլ առաջ պետականաշինութեան գործին եւ բոլորին շնորհաւորեց այդ տօնին առիթով:
«Սահմանադրական հանրաքուէն տարիներ շարունակ ընթացող պետականաշինութեան գործին մէջ մեր անշեղ ճանապարհի հերթական ապացոյցն է: Եւ այս քայլով մենք հերթական անգամ մեր հաւատարմութիւնը կը յայտնենք այն արժէքներուն, որոնցմով մենք մշտապէս առաջնորդուած ենք», – ըսած է ԼՂՀ նախագահը:
Պատասխանելով լրագրողներու հարցին` արդեօ՞ք նախագահը կը պատրաստուի իր լիազօրութիւններու աւարտէն ետք կրկին առաջադրուիլ նախագահի պաշտօնին, Բակօ Սահակեան ըսած է. «Երբ քաղաքական ուժերը նախաձեռնած են այս գործընթացը անոնց նպատակը եղած է պարզ: Այս քայլով մենք կը հետապնդենք մեր երկրի զարգացման, հզօրացման համար լրացուցիչ հնարաւորութիւններ ստեղծելու նպատակ: Մեր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած ենք, որ երբ գայ ժամանակը, ու մենք պարտաւոր պիտի ըլլանք խօսելու մեր ապագային մասին, այդ ժամանակաշրջանին կը յայտարարենք մեր որոշումներուն մասին»: