ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Փետրուար 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի եւ նախարարութեան աշխատակազմի կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին անցած շաբթուան կատարուած ընթացիկ աշխատանքները եւ իրականացուած ձեռնարկները, նշեցին յառաջիկայ ընելիքները, հանդէս եկան նոր առաջարկներով:
Նախարարը կարեւոր համարեց Մայրենիին նուիրուած շաբթուան ծիրէն ներս իրականացուող գիտաժողովի, հանդիպումներու ու ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպումն ու լայն լուսաբանումը: Քննարկուեցան աշխատանքային այլ հարցեր: Տրուեցան յանձնարարականներ, կազմուեցաւ ժամանակացոյց, նշանակուեցան պատասխանատուներն ու համակարգողները: