Արամ Եւ Սահակ Սրբազանները Կը Ժամանեն Մայր Աթոռ

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանի եւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելելու շրջանառուող լուրը  հաստատած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տէր Վահրամ քահանայ Մելիքեան` նշելով.«Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաւէրով  Արամ եւ Սահակ Սրբազանները յաջորդ շաբաթ պիտի ժամանեն Մայր Աթոռ: Վեհափառ Հայրապետին հետ պիտի քննարկեն ստեղծուած իրավիճակը` ընդհանուր փոխըմբռնման յանգելու պատրիարքական ընտրութիւններու գործընթացքին վերաբերեալ»:

 

 

Scroll Up