ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Կալուգայի Մէջ Խօսած Է Ղարաբաղեան Խնդիրի Մասին
Այս մասին ինչպէս կը տեղեկացնէ REGNUM լրատուական գործակալութեան թղթակիցը, օրերս ՌԴ Կալուգա քաղաքի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է քաղաքի եւ մարզի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հանդիպումը «Աշխատանք համայնքներու հետ» ծրագիրի ծիրէն ներս Կալուգա ժամանած ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ: Տիկին Յակոբեան առաջին անգամ կ’այցելէր Կալուգա:
Ելոյթ ունենալով Կալուգայի մարզին մէջ բնակող հայրենակիցներու առջեւ` նախարարը անդրադարձած է շարք մը հրատապ հարցերու, մասնաւորապէս` ղարաբաղեան խնդիրին եւ սուրիական ճգնաժամին,- գրած է «Վեստ» թերթը:
Նախարարը նաեւ յորդորով դիմած է Ռուսաստան ապրող ՀՀ քաղաքացիներուն. «Անհրաժեշտ է սեփական օրինակով անել ամէն ինչ` երկու երկների բարեկամութիւնն ամրապնդելու եւ զարգացնելու համար: Դրանով հանդերձ` երբեք չպէտք է մոռանալ սեփական արմատները: Այսօր համացանցը մեծ հնարաւորութիւններ է տալիս ուսումնասիրելու հայոց լեզուն, մշակոյթը եւ պատմութիւնը: Երիտասարդութեան համար անցկացւում են մայրենի լեզուն սովորելու հեռավար դասեր, եւ աշխարհի տարբեր անկիւններում ապրող հայերը հաճոյքով օգտւում են այդ հնարաւորութիւնից»,-ըսած է տիկին Յակոբեան:
Հանդիպման աւարտին ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Սարգիս Նաջարեան «Ծաղկազարդ» համոյթին հետ կալուգահայ հայրենակիցներուն առջեւ հանդէս եկած է «Կոմիտաս` յաւերժի ճամփորդը» ներկայացմամբ: