ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Փետրուար 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի եւ կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին անցած շաբթուան կատարուած ընթացիկ աշխատանքները եւ իրականացուած ձեռնարկները, նշեցին յառաջիկայ ընելիքները, հանդէս եկան նոր առաջարկներով:
Նախարարն իր գոհունակութիւնը յայտնեց նախորդ շաբթուան ընթացքին իրականացուած ձեռնարկներու, մասնաւորապէս «Զբօսաշրջութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ–սփիւռքահայերը զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ» եւ սփիւռքահայ ներդրողներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած կլոր-սեղան քննարկումներու եւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնի 2017 թուականի անդրանիկ նիստի պատշաճ կազմակերպման վերաբերեալ:
Տրուեցան յառաջիկայ շաբթուան` հանդիպումներու ու ձեռնարկներու կազմակերպման ու լուսաբանման վերաբերեալ յանձնարարականներ: Քննարկուեցան այլ հարցեր, կազմուեցաւ ժամանակացոյց, նշանակուեցան պատասխանատուներն ու համակարգողները:
06-02-17