«Հայաստան» Հիմնադրամի ԱՄՆ Արեւմտեան Ափի Տեղական Մարմինը Կ՝աջակցի Հաշմանդամ Ազատամարտիկներուն

«Հայաստան» հիմնադրամի ԱՄՆ արեւմտեան ափի տեղական մարմինին նախաձեռնութեամբ, արդէն երեք տարի է, որ կը գործէ «Աջակցութիւն հաշմանդամ ազատամարտիկներուն» ծրագիրը, որ կոչուած է օժանդակելու արցախեան պատերազմին հաշմանդամ դարձած ազատամարտիկներուն:
Ծրագիրը նախաձեռնած է արցախեան պատերազմի մասնակից Հրանդ Թումասեանը՝ ըլլալով հաշմանդամ` ծանօթ է իր մարտական ընկերներու խնդիրներուն: Ան ԱՄՆ-էն կը համակարգէ մեքենաներու ձեռքբերումը, անոնց համապատասխանեցումը պարանոցի, մէջքի խնդիրներ ունեցող եւ անդամալոյծ ազատամարտիկներու անհատական կարիքներուն եւ առաքումը հայաստանցի ու արցախցի շահառուներուն:
Առ այսօր ծրագիրին ծիրէն ներս նուիրաբերուած է 15 ինքնաշարժ, ինչպէս նաեւ ելեկտրական յատուկ մահճակալներ, անուասայլակներ, ներքնակներ, բարձեր, աթոռներ, թթուածինի շիշեր, մղիչ սարքեր եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ, որոնք քիչ թէ շատ կը թեթեւացնեն շահառուներուն կեանքը:
«Հայրենիքին անմնմացորդ նուիրումով ծառայած մեր հայրենակիցները պէտք է ըլլան ուշադրութեան կեդրոնին եւ շարունակեն իրենց բնականոն կեանքը: Այս իսկ նպատակին կը ծառայէ մեր ձեռնարկը»,- ըսած է Հիմնադրամի ԱՄՆ արեւմտեան ափի տեղական մարմինի տնօրէն Սարգիս Քոթանճեան եւ կը տեղեկացնէ, որ 2017-ին մեքենաներու նոր խմբաքանակ պիտի ներկրուի Հայաստան: