Սահմանամերձ Համայնքներու Խնդիրներու Լուծման Միջգերատեսչական Յանձնաժողով Ստեղծուած է

ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի որոշումով՝ սահմանամերձ համայնքներու համակարգման ենթակայ հարցերու լուծման նպատակով՝ ստեղծուած է միջգերատեսչական յանձնաժողով: Այս մասին կը հաղորդէ կառավարութեան egov.am կայքը:
Միջգերատեսչական յանձնաժողովին նախագահն է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:
Յանձնաժողովը պէտք է սահմանամերձ գիւղերու տնտեսական եւ այլ խնդիրներու լուծման նպատակով՝ եռամսեայ ժամկէտի ընթացքին՝ ներկայացնէ առաջարներ` սահմանամերձ համայնքներու դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու դիմաց պատնէշներու կառուցման, հակառակորդի հրետակոծութենէն պատսպարուելու նպատակով թաքստոցներու կառուցման, սահմանամերձ համայնքներու մէջ իրադրութեան սրման պարագային բնակիչներու կողմէ պահակային ծառայութիւն իրականացնելու նպատակով զէնքի տրամադրման, դէպի գիւղատնտեսական նշանակութեան հողատարածքներ տանող ճանապարհներու բարեկարգման, սահմանամերձ համայնքներու մէջ ներդրումային ծրագիրներու նախատեսման հարցերուն վերաբերեալ: