ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Հայաստանի Մօտ Քուէյթի Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Պասսամ Մուհամմատ Ալ-Քափանդին

Նոյեմբեր 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Քուէյթի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պասսամ Մուհամմատ Ալ-Քափանդին:
Հանդիպման ընթացքին Սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին հայ-քոււէյթական յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ ցուցաբերած աշխուժութեան համար` նշելով, որ դեսպանը կարեւոր դերակատարում ունեցաւ Հայաստան ժամանած սուրիահայերու հիմնախնդիրներու կարգաւորման գործին մէջ եւ դարձաւ հաւատարիմ ու վստահելի գործընկեր, բարեկամ:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան սուրիահայերու հիմնախնդիրներու կարգաւորման ուղղուած գործին ներդրած աւանդի համար դեսպան Պասսամ Մուհամմատ Ալ-Քափանդիին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւով` ոսկէ յուշամետալով:
Դեսպանը իր խօսքին մէջ նշեց, որ իրեն համար անակնկալ էր նման պարգեւի ու գնահատանքի արժանանալը: Պասսամ Մուհամմատ Ալ-Քափանդին շնորհակալութիւն յայտնեց նման ջերմ ընդունելութեան եւ իրենց աշխատանքները արժեւորելու համար: Որպէս իրագործուած բարեգործական ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու արդիւնք` դեսպանը յուշամետալը պիտի յանձնէ Քուէյթի էմիրին: