ՀՀ Սահմանամերձ Զօրամասերուն Մէջ Դասական Երաժշտութիւն Պիտի Հնչէ

Օփերայի թատրոնի մեներգիչներն ու սիմֆոնիկ նուագախումբի արուեստագէտները Փետրուար 9-ին ելոյթ կ’ունենան սահմանամերձ զօրամասերու մէջ: Ձեռնարկները կ´իրականացուին «Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի աջակցման» հիմնադրամի` «Օփերայի արուեստը զօրամասերուն մէջ» նախագիծի ծիրէն ներս:

Ինչպէս կը  տեղեկացնէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն` ելոյթները պիտի ղեկավարէ նախագիծի հեղինակ, խմբավար, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Կարէն Դուրգարեան:

Նախաձեռնողները ծրագիրին միջոցով կը ցանկան հայ զինուորին մօտեցնել դասական արուեստին ու վստահեցնել զինք, որ մշակոյթի այս ոլորտի գործիչները եւս զինուորի կողքին են:

«Օփերայի թատրոնի արուեստագէտները մեծ ոգեւորութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ կը մասնակցին զինուորի ոգին բարձր պահելուն ուղղուած այս կարեւոր նախաձեռնութեան»,-կը վստահեցնեն նախագիծի հեղինակները:

Օփերայի թատրոնի աջակցման հիմնադրամի նախագիծերէն են` «Օփերայի արուեստը կրթօճախներէն ներս», «Օփերայի արուեստը ՀՀ մարզերու  եւ Արցախի մէջ», «Համերգ ճեմասրահի մէջ»  եւ այլն:

 

 

Scroll Up