ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Շնորհակալագիրներ Յանձնուած Են Ամերիկահայ Ուսուցիչներուն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/02/16522981_10212424972719090_1188940054_n.jpg)
Փետրուար 1-ին Կլենտէլի մէջ գործող «Դաւթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութիւնը կազմակերպած էր ամէնամեայ «Գնահատանքի երեկոյ» ձեռնարկը, որուն ներկայ էին Կլենտէլի քաղաքապետ Փաուլա Տեւինը, կրթական խորհուրդի, Կլենտէլի, Պրպընքի եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետարաններու անդամներ, ամերիկեան դպրոցներու տնօրէններ, պատասխանատուներ, կրթական հաստատութեան ուսուցիչներ, ծնողներ, համայնքային տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր, շուրջ ` 220 մարդ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնէ հաստատութեան տնօրէն Օֆելիա Ծատուրեան, ձեռնարկը սկսած է Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օրհներգներով: Այնուհետեւ բացման հանդիսաւոր խօսք ըսած է «Դաւթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութեան նախագահ Վահիկ Ծատուրեան:
«Գնահատանքի երեկոյ»-ին պարգեւատրուած են նախորդ տարուան ընթացքին իրենց կատարած աշխատանքով աչքի ինկած ուսուցիչները: Օֆելիա Ծատուրեան կարեւոր համարելով ուսուցիչներուն նման ուշադրութեան արժանացնելը` վստահեցուցած է, որ անոնք կը քաջալերուին եւ աշխատանքին հանդէպ առաւել պատասխանատու կը դառնան:
Ուսուցիչներուն պարգեւատրելու գործին մէջ կը համագործակցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ: Այս տարի նախարարութեան շնորհակալագիրներ յանձնուած են ուսուցչուհիներ Գայեանէ Ստեփանեանին, Նայրի Քեշմեշեանին, Ալիսա Խաչատրեանին, Աննա Սինանեանին ու Սոնա Մանուկեանին:
«Գնահատանքի երեկոյ»-ին ցուցադրուած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական տեսաուղերձը:
«Դաւթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութեան կողմէ երեկոյին ընթացքին Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն, հայապահպանութեան, բեղնաւոր գործունէութեան եւ ձեռքբերումներուն համար մեծարուած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, իսկ հաստատութեան հետ երկար տարիներու համագործակցութեան եւ նուիրուածութեան համար գնահատագիր ստացած է ՀՀ սփիւռքի նախարարի խորհրդական Ստեփան Պետրոսեան:
«Տարուան դաստիարակ» անուանակարգին մէջ մրցանակ ստացած է Կլենտէլի դպրոցներու վերահսկիչ Վայնֆրեդ Ռեպերսոնը, «Տարուան դպրոց» անուանակարգին մէջ` Կլենտէլի «Ճոն Մուր» տարրական դպրոցը, «Տարուան մարդ» ճանչցուած է «AABC» հեռուստաընկերութեան տնօրէն Վրէժ Աղաջանեան:
Գաւառի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի տնօրէն Թաթուլ Ասոյեանին շնորհակալագիր տրուած է, որ այժմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ գործուղուած է ԱՄՆ` ուսուցիչներու հետ հայոց լեզուի վերապատրաստման դասընթացներ իրականացնելու:
Կլենտէլի դպրոցներու վերահսկիչ կառոյցին եւ կրթական խորհուրդին կողնէ գնահատագիր ստացած է նաեւ Վահիկ Ծատուրեան:
Գէորգ Չիչեան