Այո՛, կ՛ընդունիմ, Բայց Շատ Բան Չեմ Գիտեր Ատոր Մասին. Թուրք Երիտասարդը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Իզմիրցի լուսանկարիչ 22-ամեայ Պեքիր Արմէ Օկիւտը Հայաստան եկած է «Կամրջելով պատմութիւնները» ծրագրին մասնակցելու, նախ եղած է Դիլիջան, յետոյ` Երեւան:  Tert.am-ի հետ զրոյցին ան նշած է, որ յայտնի հայերէն կը ճանչնայ Արտօ Թունջբոյաջեանը, իսկ այն համալսարանին մէջ, ուր կ՛ուսանի, հայ ընկեր ունի:

«Ես նաեւ կը ճանչնամ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւորները, սակայն անոնցմով չեմ հետաքրքրուիր, քանի որ քաղաքականութիւնը ինծի համար զզուելի է: Հայերու հետ շփուելու ոչ մէկ խնդիր ունիմ»,- ըսած է ան:

Նշենք, որ ան ընդգրկուած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան հովանիին տակ կազմակերպուած «Կամրջելով պատմութիւնները» ծրագիրին, որուն ընթացքին հայ եւ թուրք ֆոթոլրագրողները մասնակցած են դասընթացքի եւ ատոր ծիրէն ներս լուսանկարած են իրենց բնակավայրերուն մէջ: Ծրագրի աւարտին ալ տեղի ունեցած է անոնց աշխատանքներուն ցուցահանդէսը:

Թուրք լուսանկարիչին խօսքով` հիմա Հայաստան է, քանի որ կը կարծէ, որ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ պէտք է յարաբերութիւնները լաւանան: Ան նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ Հայաստանի մասին շատ քիչ կը խօսին:

«Մենք չենք խօսիր Հայաստանի, Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որովհետեւ թուրքերը չեն ցանկար զայն ընդունիլ: Ես չեմ գիտեր անոր մասին, ես ատով հետաքրքրուած չեմ, ես 22 տարեկան եմ եւ չեմ ցանկար սպաննել ոեւէ մէկը: Ես այդպէս կը մտածեմ»,- ըսած է ան։ Միեւնոյն ժամանակ թուրք երիտասարդը պատմած է, որ երբ ծնողներուն ըսած է, թէ կը կ՛ուզէ դիմել այդ ծրագրին եւ երթալ Հայաստան, անոնք բացարձակապէս դէմ չեն եղած:

Հարցումին, թէ կ՛ընդունի՞ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ան պատասխանած է․ «Այո՛, կ՛ընդունիմ, բայց շատ բան չեմ գիտեր ատոր մասին, գիտեմ այն, ինչ կայ Ուիքիփետիայի մէջ: Չեմ գիտեր… ես չեմ ցանկար այդ մասին խօսիլ, ես ոչ մէկ տեղեկատուութիւն ունիմ անոր մասին»:

Scroll Up