Թուրքիոյ Խորհրդարանի`Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Պատգամաւորը Ազատ Արձակուած Է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/01/Osman.jpg)
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Տիարպեքիրի նախկին քաղաքապետ, քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան պատգամաւոր Օսման Պայտեմիրը ազատ արձակուած է: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը տեղեկացնէ թրքական Demokrathaber.net-ը:
Պայտեմիր ձերբակալուած էր Յունուար 25-ին եւ տարուած դատարան` «Քիւրտիստանի հասարակութիւններու միութեան» (KCK) գործով ցուցմունք տալու: Ազատ արձակուելէն ետք՝ ան յայտարարած էր, որ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան պատգամաւորներու ձերբակալութիւնները իշխող կուսակցութեան կողմէն սկսած պայքարն է երկրին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու իրականացման համար: Ազատ արձակուած են նաեւ նոյն գործի ծիրէն ներս ձերբակալուած միւս պատգամաւորները` Ահմեթ Եըլտըրըմը եւ Իմամ Թաշչըէրը:
Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ 59 պատգամաւորէն 11-ը կալանաւորուած են: Անոնց շարքին են կուսակցութեան համանախագահներ Սելահաթթին Տէմիրթաշը եւ Ֆիգեն Եուքսեքտաղը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական խմբակցութեան երկու ղեկավարները: Անոնք եւս կը մեղադրուին «զինուած ահաբեկչական խմբաւորման անդամ ըլլալու, յանցագործութիւն կատարելու դրդելու եւ ահաբեկչական խմբաւորման քարոզչութիւնը իրականացնելու» մէջ: