«Ակօս»-ի Նախկին Խմբագրատունը Պիտի Վերածուի «Յիշողութեան Եւ Յոյսի Անկիւնի»

«Յոյսը կ’ապրի, երբ մարդիկ կը յիշեն». այս կարգախօսով կ’առաջնորդուի Հրանդ Տինքի անուան հիմնադրամը, որուն նախաձեռնութեամբ 2007թ.-ին սպաննուած պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի հիմնած «Ակօս» հայկական պարբերականի նախկին խմբագրատունը կը վերածուի «Յիշողութեան անկիւնի»: Այստեղ մարդիկ կը կարենան գտնել Տինքը եւ Թուրքիոյ մէջ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու պայքարին հետ կապուած տարատեսակ գրականութիւն, լուսանկարներ, կ’իրականացուին ցուցադրութիւններ եւ քննարկումներ:

Ինչպէս tert.am-ի փոխանցմամբ կը գրէ հիմնադրամի պաշտօնական կայքը` «Այս գրասենեակը «Ակօս»-ի հիմնադրման առաջին իսկ օրուընէ հազարաւոր մարդոց համար յոյսի եւ վերափոխման վայր  դարձած էր»: Հենց այս խմբագրատան դիմաց  սպաննուած է Տինքը 2007թ.-ի Յունուար 19-ին: Տինքի մահէն ետք անոր ընտանիքին կողմէ հիմնուած հիմնադրամի աշխատակիցները այժմ յոյս ունին, որ «Ակօս»-ի նախկին խմբագրութիւնը այսուհետ նոյնպէս պիտի շարունակէ իրականացնել իր կարեւոր առաքելութիւնը եւ մնալ «յոյսի անկիւն»:

Նշենք, որ Սթամպուլի Շիշլի թաղամասի Օսմանպէյ պողոտային վրայ գտնուող «Ակօս»-ի հին խմբագրատան տարածքը որպէս խմբագրութիւն  ծառայած է 1999թ.-էն մինչեւ 2015թ.:

 

Scroll Up