Սուրբ Ծննդեան Ձեռնարկ Մոսկուայի «Հայորդաց Տան» Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/01/Մոսկվա4.jpg)
Յունուար 21-ին Մոսկուայի «Հայորդաց տան» մէջ հրաշալի առիթ ստեղծուած էր եւս մէկ անգամ իրար ողջունելու «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, մեզի ձեզի մեծ Աւետիս» խօսքերով: Պատճառը` կրթօճախի ուսուցիչներ Քնարիկ Պապիկեանի եւ Ալվինա Յովհաննիսեանի բեմադրած Սուրբ ծննդեան ձեռնարկն էր:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը փոխանցեն «Հայորդաց տան» տեղեկատուական կեդրոնէն` ուսուցչուհիները իրենց համար գերխնդիր մը սահմանած էին ․ ցոյց տալ Քրիստոսի երկրային կեանքի կարեւորագոյն դրուագները: Եթէ նախորդ տարիներուն Յունուարը կը մեկնարկէր միայն Քրիստոսի Ծնունդը նկարագրող ձեռնարկով, ապա այս տարի դահլիճին մէջ ներկայ հանդիսատեսը մայրիներու մասին պատմող հեքիաթի միջոցով տեսաւ Ծնունդը, Խորհրդաւոր ընթրիքը եւ Խաչելութիւնը:
Իր օրհնութիւնը փոխանցելով եւ Սուրբ Ծննդեան կապակցութեամբ շնորհաւորելով ներկաները` թեմակալ առաջնորդ Տէր Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեան ըսաւ․ «Որքան օրհնուած եւ շնորհազարդուած է մեր ագը, որ ունի այսպիսի ուսուցիչներ, այսպիսի ծնողներ: Փառք եւ գոհութիւն մատուցենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ շնորհն ունենք Ռուսաստանի մայրաքաղաքում նման կենտրոն ունենալու, որտեղ ձեւաւորւում է բարեպաշտ եւ հայրենասէր հայի կերպարը, որտեղ դաստիարակւում են տաղանդաւոր երեխաներ, ովքեր մեր նախնիների սրբազան ժառանգութեան պահապաններն են»:
Ձեռնարկի հեղինակ Քնարիկ Պապիկեան` անդրադառնալով ձեռնարկին, ըսաւ․ «Նախորդ տարի Սուրբ Ծննդեան ձեռնարկին ժամանակ ժողովրդական տօնակատարութիւն ներկայացուցած էի, թէ ինչպէս ջուրը, կրակը հաւատացեալները տուն կը տանին: Այս տարի նպատակ կար ցոյց տալ, թէ ինչու պէտք է ծնէր Քրիստոս, ինչ էր ադամական մեղքը, ինչպէս պէտք է մարդկութիւնը յաւիտենական կեանքի հնարաւորութիւն ունենար, որով ալ կը ներկայացուէր Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը: Ձեռնարկի կայացման համար իմ շնորհակալութիւնս փոքրիկներու ծնողներուն, որոնք անտրտունջ կը կատարէին յանձնարարութիւնները եւ մեծ սիրով ընդգրուած էին ձեռնարկին»:
Ձեռնարկին հանդիսատեսը, որոնց շարքերուն մէջ էին նաեւ Մոսկուայի եւ Մոսկուայի մարզերուն մէջ գործող այլ հայկական կրթօճախներու ուսուցիչներ եւս, բաւական տպաւորուած էր ձեռնարկով, որուն ընթացքին հնչեցին նաեւ Սուրբ Ծննդեան շարականներ` Լենա Բեգլարեանի նուագակցութեամբ եւ անոր ղեկավարած «Ովսաննա» երգչախումբի կատարմամբ: