Հայերէն Չեմ Գրեր, Բայց Ատիկա Չի Խանգարեր ՀՀ Դեսպան Ըլլալուս․ Ազնաւուր

Մեծանուն շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուր հայերէն կը խօսի, բայց չի գրեր եւ չի կարդար, սակայն ատիկա չի խանգարեր անոր Զուիցերիոյ մէջ ՀՀ դեսպանի իր աշխատանքին: Այդ մասին ան ըսած է սպանական El Mundo պարբերականին տուած հարցազրոյցի ժամանակ, կը գրէ «Sputnik-արմենիա»-ն:

Ազնաւուր Մատրիտ կը գտուի համաշխարհային համերգային շրջագայութեան ծիրէն ներս:

92-ամեայ երաժշիտին համերգը պիտի կայանայ Մատրիտի Barclaycard Center-ի մէջ: Ազնաւուր Մատրիտի մէջ վերջին անգամ ելոյթ ունեցած է 2015-ի Մայիսին:

Շանսոնիէն պատմած է, որ կը համատեղէ երաժշտական գործունէութիւնը դիւանագիտական աշխատանքին հետ:

Երգիչը խոստովանած է, որ ինք չի գիտեր ՀՀ օրհներգը ու չի գրեր եւ կարդար հայերէն, բայց ատոնք չեն խանգարեր անոր դիւանագիտական աշխատանքին: «Այնպէս եղաւ, որ ես դարձայ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանը եւ մշտական ներկայացուցիչը ՄԱԿ Ժնեւի կենտրոնակայանին մէջ»,- ըսած է Ազնաւուրը:

Ան յայտնած է, որ դիւանագիտական պաշտօն ստանձնելու առաջարկը ստացած է 8 տարի առաջ` 2009-ին, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանէն եւ որոշած է ընդունիլ զայն:

Scroll Up