ԵԽԽՎ-ի Մէջ ԵԺԿ Քաղաքական Խումբը ԿԸ Քննարկէ Լուքա Վոլոնթէի Հարցը Ատրպէյճանէն Կաշառք Ստանալուն Վերաբերեալ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/01/60374.jpg)
Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) քաղաքական խումբը կը քննարկէ խումբի նախկին նախագահ, իտալացի Լուքա Վոլոնթէին Միլանի դատախազութեան կողմէ առաջադրուած մեղադրանքը` Ատրպէյճանէն կաշառք ստանալուն մասին:
Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին մէջ գրած է ԵԽԽՎ հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ, ԱԺ ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Սամուէլ Ֆարմանեան:
«1 ժամ 45 րոպէ… ԵԽԽՎ Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան քաղաքական խումբը քննարկում է մէկ հարց` ԵԺԿ խմբի նախկին նախագահ, իտալացի Լուքա Վոլոնթէին Միլանի դատախազութեան կողմից առաջադրուած մեղադրանքը` Ատրպէյճանից կաշառք ստանալու մասին: ԵԺԿ-ում կրքերը եռում են: Ատրպէյճանական լոպպին մարտի է նետել իր բացայայտուած ու բացայայտուող բոլոր յաճախորդներին: Մեր պնդումն է` ԵԽԽՎ-ն պէտք է յատուկ զեկուցող-հետաքննիչ նշանակի այդ հարցով, ով կարճ ժամկէտում ԵԽԽՎ-ին կը զեկուցի կոռուպցիոն այդ սկանդալի մասին, ինչը կասկածի տակ է դրել ԵԺԿ-ի հեղինակութիւնը ողջ Եւրոպայում»,- գրած է Ֆարմանեան:
2016 թուականի Փետրուարին Միլանի ոստիկանութիւնը ու դատախազութիւնը քրէական գործ յարուցած է Լուքա Վոլոնթէի դեմ, որ քրիստոնէա-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախկին պատգամաւոր եւ ԵԽԽՎ-ի մէջ եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութեան նախկին ղեկավարն է: Վոլոնթէն կը մեղադրուի 2012-2013 թուականներու ընթացքին Ատրպէյճանէն 2,4 միլիոն եւրօ կաշառք վերցնելուն մէջ: Փոխարէնը, պաշտօնական Պաքուն զայն կ՛օգտագործէր Իտալիոյ խորհրդարանին եւ ԵԽԽՎ-ի մէջ: Վոլոնթէի դէմ յարուցուած քրէական գործը պաշտօնապէս ունի երկու գլուխ` կաշառակերութիւն եւ փողերու լուացում: Ուշագրաւ է, որ իտալացի նախկին պատգամաւոր Ոլոնթէն որոշած է լռել եւ կը հրաժարի խօսելէ նախաքննութիւնը վարող քննիչներուն հետ։