Հրանդ Տինքի Յիշատակին Նուիրուած Երեկոյ Սթոքհոլմի ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/01/շվեդիա.jpg)
Յունուար 19-ին Սթոքհոլմի «ABF» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հրանդ Տինքի մահուան 10-ամեակին նուիրուած յիշատակի երեկոյ, որուն մասնակցեցան պատգամաւորներ, մտաւորականներ, լրագրողներ, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Շուէտի մէջ ՀՀ դեսպան Արտակ Ապիտոնեան, իր ելոյթին մէջ անդրադառնալով Տինքի ժառանգութեան, նշեց, որ Հրանդ Տինքն այն եզակի գործիչներէն էր, որ Թուրքիոյ մէջ բացայայտ կը խօսէր հարեւան ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան ծաւալման անհրաժեշտութեան մասին, առաջիններէն էր, որ չէր վախնար համարձակօրէն խօսելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին` համոզուած ըլլալով, որ երկու ժողովուրդները կրնան համատեղ ջանքերով յաղթահարել ցեղասպանութեան հետեւանքները: Ըստ ՀՀ դեսպանին, այսօր` Տինքի սպանութենէն մէկ տասնամեակ անց, անոր օրինակով ոգեշնչուած շատերը կը բարձրացնեն անոր պայքարի ջահը յանուն ժողովրդավարութեան, Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր ազգային փոքրամասնութիւններու հաւասարութեան եւ մարդու իրաւունքներու:Ձեռնարկին ելոյթ ունեցան պատգամաւոր, Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու հարցով շուէտական կոմիտէի նախագահ Տեսիրէ Պետրուսը, շուէտական PEN միութեան գլխաւոր քարտուղար Աննա Լիւիոն Ինկվարսոնը, Շուէտի լրագրողներու միութեան նախագահ Եոնաս Նորտլինկը, «Amnesty International» Շուէտի մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Անտրիա Պոտեկուլը, «SvD» օրաթերթի փոխնախագահ Անտերշ Բեորկմանը, Շուէտի մէջ քրտական համադրող խորհուրդի նախագահ Քէիա Իզոլը, Շուէտի մէջ յայտնի լրագրող Քուրտօ Պակշին:
Յուշ-երեկոյի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ շուէտահայ համայնքի ներկայացուցիչներ` Շուէտի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու համադրող խորհուրդի նախագահ Արշակ Գաւաֆեան, խորհուրդի խօսնակ, ցեղասպանագէտ Վահագն Աւետեան, համայնքի հոգեւոր հովիւ Եղիշէ Աւետիսեան: