Հայկական Անձնագիրը «Ամենազօրեղներ»-ու Ցանկին Մէջ 66-րդն է
Աշխարհի «ամենազօրեղ» անձնագիր ունեցող պետութիւններու ցանկին մէջ Հայաստանը կը գրաւէ 66-րդ տեղը:
Ըստ «Մետիամաքս»-ի՝ Passport Index-ը կը փոխանցէ, որ «զօրեղութիւնը» կը գնահատուի անով, որ անձնագիրին տէրը քանի երկիր կրնայ այցելել առանց մուտքի արտօնագիրի:
Ընդհանուր առմամբ, ցանկին մէջ ներկայացուած է 96 երկրի անձնագիր:
66-րդ տեղը Հայաստանի հետ կիսած են Զիմպապուէյը, Խրխըզիստանը եւ Չինաստանը:
Վրաստանը 57-րդն է, Ատրպէյճանը` 63-րդը:
Առաջին տեղը կը գրաւէ Գերմանիան, որուն քաղաքացիները առանց վիզայի կրնան 157 երկիր այցելել:
Երկրորդը Շուէտը եւ Սինկափուրն են, որոնց քաղաքացիները կրնան ազատ մուտք գործել 156 երկիր:
Դանիոյ, Ֆինլանտիայի, Ֆրանսայի, Սպանիոյ, Զուիցերիոյ, Նորվեկիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ եւ ԱՄՆ-ի քաղաքացիները առանց վիզայի կրնան այցելել 155 երկիր:
Ցանկի վերջաւորութեան կը գտնուին Փաքիստանն ու Աֆղանիստանը: