Ռուսաստանի Կեդրոնական Դրամատունը Հայկական Թեմաներով Յուշադրամներ Պիտի ԹողարկԷ
2017 թուականին Ռուսաստանի Կեդրոնական դրամատունը հայկական թեմաներով յուշադրամներ պիտի թողարկէ:
«Հայերն այսօր»-ը ՌԴ ԿԲ պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանայ, որ «Ռուսաստանի ճարտարապետական յուշարձաններ» շարքին մէջ պիտի թողարկուի «Սուրբ Խաչ եկեղեցի. Ղրիմի Հանրապետութիւն» արծաթէ մետաղադրամը: 2017-ին այդպիսի մօտ 5000 մետաղադրամ պիտի թողարկուի 3 ռուբլի արժողութեամբ:
Բացի այդ, «Ռուսաստանի ականաւոր դէմքերը» շարքին մէջ ԿԲ տարուան երկրորդ կէսին մեծ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած յուշադրամ պիտի թողարկէ: Յուշադրամը շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի մինչեւ 3000 քանակով եւ 2 ռուբլի արժողութեամբ: