Քաշաթաղի Շրջանին ՄԷջ Հիմնուած Է «Արմաթ» Ճարտարագիտական Աշխատանոց
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/01/79.thumb_.png)
Քաշաթաղի շրջանի Վուրգաւան համայնքի միջնակարգ դպրոցին մէջ բացուած է անվճար հիմունքներով գործող «Արմաթ» Ճարտարագիտական աշխատանոց: Տեղեկատուական արհեստագիտութեան ձեռնարկութիւններու միութենէն մանրամասն կը հաղորդեն, աշխատանոց կը յաճախեն ինչպէս Վուրգաւանի, այնպէս ալ յարակից բնակավայրերու դպրոցականները: Եռաչափ տպիչով, համակարգիչներով եւ ռոպոթաշինութեան հաւաքածուներով կահաւորուած աշակերտները այստեղ կը ստանան ժամանակակից ճարտարագիտական կրթութիւն` սորվելով ծրագրաւորման եւ ռոպոթաշինութեան հմտութիւններ:
«Արմաթ» Ճարտարագիտական աշխատանոցներ կը գործեն ՀՀ-ի (ներառեալ Արցախի) 194 դպրոցներու մէջ: «Արմաթ» կը յաճախեն արդէն շուրջ 5000 դպրոցականներ: Ճարտարագիտական այս խմբակ-աշխատանոցները 2016-ին արժանացած են միանգամէն երկու` «Կայուն զարգացման» եւ «Տեխնոլոկիական կրթութեան լաւագոյն մատակարար»-ի միջազգային մրցանակներու:
«Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցներու սաները կը մասնակցին նաեւ շարք մը խրախուսական ձեռնարկներու (Ամառնային արուեստաբանական եւ «Տիճիքեմփ» նորարաութեան ճամբարներ, «Տիճիքոտ» ծրագրաւորման պատանեկան մրցոյթ, «Ական փնտրող ռոպոթներ» եւ «Անօդաչու թռչող սարքեր»-ու մրցոյթներ, «Բաց խաղ» առաջնութիւն եւ այլն), ուր վերջիններս կը կիրառեն իրենց հմտութիւնները ու կ’ընդգրկուին աւելի լայն եւ ստեղծագործական միջավայրի մէջ:
Քաշաթաղի շրջանի Վուրգաւան համայնքի միջնակարգ դպրոցի «Արմաթ» աշխատանոցը ստեղծուած է «Հայրենասէր» կազմակերպութեան եւ Տեղեկատուական արհեստաբանութեան ձեռնարկութիւններու միութեան (ԻՏՁՄ) համատեղ ֆինանսաւորմամբ: ԻՏՁՄ-ն ներդրած է «Տիճիթեք» ցուցահանդէսին ժամանակ իրականացուած դրամահաւաքին եւ ԻՏՁՄ անդամ-կազմակերպութիւններու ամանորեայ ձեռնարկի մուտքավճարներու ամբողջ հասոյթը: