Ալեքսանտր Պաժպէուկ-Մելիքովի Ցուցահանդէսը Թիֆլիսի Ազգային Պատկերասրահին Մէջ

Վրաստանի ազգային թանգարանի Տմիթրի Շեւարտնաձէի անուան ազգային պատկերասրահի չորս դահլիճներուն մէջ Յունուար 10-ին ներկայացուեցան տաղանդաւոր գեղանկարիչ Ալեքսանտր Պաժպէուկ Մելիքովի 96 կտաւներ: Ատիկա վարպետ նկարիչի աշխատանքներուն առաջին ցուցադրութիւնն էր Թիֆլիսի մէջ: Ցուցահանդէսը, որ կազմակերպած էր Վրաստանի ազգային պատկերասրահը՝ Վրաստանի հայ նկարիչներու միութեան նախագահ, շնորհալի նկարչուհի Իռեն Օհանջանովայի նախագիծով եւ համակարգումով, նուիրուած էր Ալեքսանտր Պաժպէուկ-Մելիքովի ծննդեան 125-ամեակին եւ մահուան 50-րդ տարելիցին:

Հանդիսատեսով լեցուն էին դահլիճները: Թիֆլիսի արուեստասէր հասարակայնութիւնը եկած էր դիտելու 20-րդ դարու վրացական կերպարուեստի ծագումով հայ հանճարեղ ներկայացուցիչի անկրկնելի կտաւները, որոնք փայլուն կերպով կ՝ուղենշէին Թիֆլիսի բնիկ քաղաքացիի ստեղծագործական ուղին: Ակեքսանտր Պաժպէուկ Մելիքով՝ աստիճանաբար երանգապնակը հարստացնելով լոյսով, գոյնով՝ հասաւ ոսկեգոյնին մօտեցող շողշողուն գունաշարի: Ինքնատիպ գեղարուեստականութեամբ ու ճաշակով կ՝առանձնանային անոր ստեղծած կանանց դիմանկարները:

Պաժպէուկ Մելիքովի արուեստը լուրջ հիմք հանդիսացաւ նոր եւ նորագոյն գեղանկարչութեան զարգացման համար:

Սոյն ցուցահանդէսը սահմանափակուեցաւ դասական գեղանկարիչի միայն Վրաստանի մէջ պահպանուող աշխատանքներով: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին Վրաստանի ազգային թանգարանի (Շալուա Ամիրանաշվիլիի անուան արուեստի թանգարանի եւ Տմիթրի Շեւարտնաձէի անուան ազգային պատկերասրահի), Կիորկի Լէոնիձէի անուան վրաց գրականութեան թանգարանի հիմնադրամներուն մօտ պահուող եւ մասնաւոր հաւաքորդներու կտաւները:

Ալեքսանտր Պաժպէուկ Մելիքովի արուեստի երկրպագուները եւ գնահատողները վերստին հնարաւորութիւն ունեցան զգալու մեծ նկարիչի գեղանկարչութեան հմայքը, խորանալու անոր հազուագիւտ ճաշակին մէջ, որ կ՝առանձնանար անկրկնելի վարպետութեամբ, գեղանկարչութեան ոճի ոչ սովորական իմացութեամբ եւ պատմական փուլերու խոր ըմբռնումով:

Ցուցահանդէսը, որուն ներկայ էին նաեւ Վիրահայոց թեմի հոգեւոր դասը, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան դիւանագէտները, տարբեր ազգի մտաւորականներ, արուեստի գործիչներ եւ հիւրեր, բացաւ Վրաստանի ազգային թանգարանի գլխաւոր տնօրէն Դաւիթ Լորթքիփանիձէն: Կարեւոր համարելով հայ-վրացական մշակոյթին զարգացումը, փոխադարձ կապն ու ներդաշնակութիւնը, գլխաւոր տնօրէնը արժեւորեց Ալեքսանտր Պաժպէուկ Մելիքովի արուեստը, նշելով, որ ան եղած է վրաց նկարիչներ Լատօ Կուտիավիլիի, Աւթանտիլ Վարազի, Մոսէ Թոիձէի, Իլիա եւ Գիրիլ Զանեւիչներու ժամանակակիցը եւ գործընկերը, որոնք իրենց անկրկնելի գործերով վրացական արուեստը դուրս բերած են համազգային ասպարէզ:

Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան իր օրհնութեան խօսքին մէջ կարեւոր համարեց գոյներու անկրկնելիութիւնը եւ տրամադրութիւններու վերարտադրման վարպետութիւնը, եւ երկու քրիստոնեայ ազգերու մշակոյթներու ձուլուածութիւնը, ներդաշնակումը, իբրեւ մէկ համընդհանուր արուեստ ներկայանալը, որուն վկայութիւնը այս ցուցահանդէսն էր:

Նախագիծի հեղինակ, համակարգող եւ դիտորդ, Վրաստանի հայ նկարիչներու միութեան նախագահ Իռեն Օհանջանովան շնորհակալութիւն յայտնեց Վրաստանի մշակոյթի եւ յուշարձաններու պահպանութեան նախարարութեան, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան, Վրաստանի ազգային թանգարանին եւ Վիրահայոց թեմին, նախագիծի իրականացման ցուցաբերած աջակցութեան համար: Նախագիծի ղեկավարը երախտագիտութեան խօսքեր ուղղեց նախագիծի դիտորդ Ժաննա Սարուխանովային եւ արուեստագէտ Դաւիթ Անտրիաձէին`օժանդակութեան համար:

Վրաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Ալեքսանտր Պաժպէուկ Մելիքովի աշխատանքներու ցուցահանդէսը Թիֆլիսի մէջ պիտի շարունակուի մինչեւ Փետրուար 24:

Աղբիւրը՝ armenianchurch.ge

Scroll Up