«Հայաստան» Հիմանադրամի Տնօրէնը Կոչ Կ’ընէ Միանալ «Դէպի Արցախ» Խորագիրով «Հեռուստամարաթօն 2013»-ին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/11/Untitled2.jpg)
«Հայաստան» համահայկական հիմանադրամը լիովին պատրաստ է նոյեմբեր 28-ին արդէն 16-րդ անգամ «Դէպի Արցախ» խորագիրով հեռուստամարաթօնին:
«Հեռուստամարաթօն 2013»-ին ընդառաջ «Արմէնփրէս»-ը զրուցեց «Հայաստան» համահայկական
հիմանադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի հետ դրամահաւաքի այս տարուան նպատակի, անոր կարեւորութեան, մինչ դրամահաւաքը իրականացուող ձեռնարկներուն մասին, տեղեկացաւ հիմնադրամի յաջորդ տարիներու առաջնահերթութիւններուն եւ գրանցեց անոր կոչը աշխարհասփիւռ հայերուն:
– Հաշուած օրեր մնացած են «Հեռուստամարաթօն 2013»-ին, «Հայաստան» համահայկական հիմանադրամը պատրա՞ստ է յաւուր պատշաճի այն իրականացնել եւ ո՞րն է այս տարուան հեռուստամարաթօնի առանձնայատկութիւնը, խորհուրդը:
– Հեռուստամարաթօնին մենք կը պատրաստւուինք նախորդ մարաթօնը աւարտելու յաջորդ իսկ օրուընէ: Դրամահաւաքի հետ կապուած աշխատանքները պէտք է բաժնել առնուազն երկու մասի. տեխնիկական բնոյթի աշխատանքներ`հեռուստամարաթօնի որպէս ծրագիրի կազմակերպումը ու նիւթերով ապահովումը, եւ երկրորդը դրամահաւաքի մասն է: Մենք միշտ ըսած ենք, որ հեռուստամարաթօնը սոսկ դրամահաւաք-ձեռնարկ չէ, այն տարուան մէջ միակ օրն է, երբ մենք ամբողջ հայութեան կը ցուցադրենք, թէ ինչ նորութիւններ կան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, ինչ աշխատանք կատարած ենք մեր հայրենակիցներու նուիրատուութիւններու շնորհիւ, ինչ կը նախապատարաստուինք ընել տուեալ դրամահաւաքի միջոցով: Այս տարուան հեռուստամարաթօնին տեխնիկական մասով հարիւր տոկոսով պատրաստ ենք, ինչ կը վերաբերի դրամահաւաքին, ապա գրեթէ բոլոր` 25 տեղական մարմինները այս պահին կ’իրականացնեն տարբեր դրամահաւաք-ձեռնարկներ` սկսած ճաշկերոյթներէ մինչեւ հեռուստամարաթօն, հեռախօսային մարաթօն, ձայնասփիւռային մարաթոն:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքը իւրայատուկ է, որով կը կիրառէ դրամահաւաքի բոլոր հնարաւոր ձեւերը: Կը կարծեմ, տեղեակ էք, որ արդէն երեք շաբաթ է, որ Հայաստանի մէջ մեկնարկած են sms հաղորդագրութիւններով եւ փոստային նուիրատուութիւնները: Մոսկուայի մէջ մօտ երկու ամիս առաջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի նախագահներու հանդիպումները մեր բարերարներու հետ, ձեռք բերուած են համաձայնութիւններ, որոնց մասին կը զեկուցենք «Հեռուստամարաթօն 2013»-ի ժամանակ:
– Գիտենք, որ դրամահաւաքի այս տարուան գումարները պիտի ուղղուին Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի կառուցման, ի՞նչ կու տայ այն Հայաստանին ու Արցախին:
– Այս տարուան դրամահաւաքի միջոցները նախատեսուած են Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի կառուցման համար, որ կը կազմէ 115.5 քմ: Այն տնտեսական զարգացման լուրջ խթան կը հանդիսանայ Լեռնային Ղարաբաղի շարք մը շրջաններու համար, բացի անկէ` ճանապարհը կարեւոր է զբօսաշրջութեան զարգացման տեսանկիւնէն: Եւ, ի հարկէ, չըլլալով քաղաքական կառոյց` պէտք է
նշենք, որ այս ուղղութեամբ հիմնադրամի գործունէութիւնը ունի քաղաքական նշանակութիւն եւս: Մայիսին, երբ հիմնադրամը յայտարարեց այս ծրագիրին վերաբերեալ, այն բաւականին լուրջ արձագանք ստացաւ արտասահմանի մէջ, եւ դուրսի լրատուամիջոցները յայտարարեցին, որ, ստանձնելով այս ծրագիրը, Հայաստանը կ’ուժեղացնէ իր բանակցային դիրքերը:
Համոզուած եմ, որ այս տարի կը կարենանք ապահովել լուրջ մասնակցութիւն, քանի որ նշուած ճանապարհի կառուցումը Գորիս- Ստեփանակերտ ծրագիրէն ետք կարեւորներէն կը համարուի հիմնադրամին համար: Ինչպէս նշած ենք, 30 միլիոն տոլար անհրաժեշտ է ճանապարհի կառուցման համար, եւ չեմ կրնար ըսել` ի վիճակի կ’ըլլա՞նք ամբողջ գումարը հաւաքել, թէ ոչ: Բայց ատիկա չէ կարեւորը, եթէ մէկ տարուան մէջ չի հաւաքենք, կ’ընենք երկու տարիէն: Կարեւորը ծրագիրն է, որ ընտրուած է, եւ մենք հաւաքական ջանքերով այն կ’իրականցնենք:
– Արդէն որոշուա՞ծ է «Հեռուստամարաթօն 2013»-ի կարգախօսը, ինչպէս նաեւ երգը, որ կ’ոգեւորէ աշխարհասփիւռ հայերուն` հանգանակութիւններ կատարելուն:
– Կարգախօս, որպէս այդպիսին, չկայ, մենք ընտրած ենք «Դէպի Արցախ» խորագիրը:
Ծրագիրը այնքան կարեւոր է ինքնին, որ կարգախօս կամ որեւէ այլ տեղեկատուութիւն պէտք չունենար, քանզի համոզուած եմ, որ մեր բոլոր հայրենակիցները, քարտէզի վրայ տեսնելով, թէ ինչպէս կ’անցնի Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհը, կը հասկնան ատոր կարեւորութիւնը: Ինչ կը վերաբերի երգին, ապա պէտք է ըսեմ, որ այս տարի յատուկ երգ չունինք: Մենք ոչ թէ ամէն տարի երգ կ’ընտրենք, այլ այն ժամանակ, երբ կայ լաւ երգ: Այս տարի, ցաւօք, չունինք այդ լաւ երգը: Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ունի 7 երգ, որոնք պիտի հեռարձակուին մարաթօնի ժամանակ: Մենք դիմած ենք Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ գտնուող մեր երաժիշտներուն, որ անոնք մեզի տրամադրեն իրենց լաւագոյն տեսահոլովակները, որոնք կը հեռարձակենք հեռուստամարաթօնի ժամանակ, պիտի ըլլան նաեւ անդրանիկ ելոյթներ:
– Արդէն խօսեցաք մինչ հեռուստամարաթօնը իրականացուող դրամահաւաք-ճաշկերոյթներու, հեռախօսային մարաթօններու, տարատեսակ ձեռնարկներու մասին, որոնց օգնութեամբ միջոցներ կը հաւաքուին: Դատելով աշխուժութենէն` ինչպիսի՞ ակնկալիքներ ունիք հեռուստամարաթօնին մասնակցութեան առնչութեամբ:
– Այս 10 տարուան ընթացքին կը նկատենք, որ լրատուամիջները կը կեդրոնանան միայն հեռուստամարաթօնի արդիւնքէն գոյացած արժէքին վրայ` չի խօսելով մասնակցութեան մասին` չնայած մենք անընդհատ կը նշենք մասնակիցներու թուաքանակի կարեւորութիւնը: Մեզի համար շատ աւելի կարեւոր է, որ ծրագիրին մասնակցի, օրինակ, 200 հազար հայ, քան երեք հայ, որոնք կը տրամադրեն ողջ գումարը: Մենք այս տարիներուն ընթացքին կրցած ենք ապահովել մասնակիցներու կայուն աճ: Ի հարկէ, կան նաեւ անհատներ, որոնք մեծ գումարներ կը նուիրաբերեն, բայց ամէն տարի չենք կրնար անոնցմէ նմանատիպ գումար ակնկալել: Օրինակ, 2009 թուականին Սամուէլ Կարապետեանը խոստացաւ 15 միլիոն տոլար Ստեփանակերտի հիւանդանոցին համար, որ մի քանի ամիս առաջ հանդիսաւոր կերպով բացուեցաւ: Ըսել, որ ան դարձեալ յաջորդ տարի պէտք է այդքան գումար յատկացնէր, սխալ կ’ըլլար: Այս տարուան համար կրնամ ըսել, որ ունինք շատ մասնակիցներ, եւ մեր դրամահաւաքները ցոյց կու տան, որ մարդոց մէջ կայ մեծ աշխուժութիւն, սակայն գումարային առումով չեմ գիտեր` ինչպէս կ’ըլլայ: Կ’ուզեմ յիշեցնել, որ «Հայաստան» համահայկական հիմանադրամը օղակ մըն է, որու միջոցով յատկացուող գումարները կը փոխանցուին հասցէատիրոջը:
– Անցեալ տարի առաջարկութիւն եղաւ իրականացնել արտահերթ դրամահաւաք, որ կ’ուղղուէր սուրիահայերու կարիքներու բաւարարման: Որոշուեցաւ հեռուստամարաթօնի արդիւնքով հաւաքուած գումարի 10 տոկոսը նուիրաբերել անոնց: Այս տարի կը նախատեսուի՞ որոշակի միջոցներու յատկացում սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման:
– Մայիսին հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստի ժամանակ որոշուած է, որ այս տարի գումարը կը հաւաքենք Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի կառուցման համար: Կ’ուզեմ` բոլորը յստակ գիտնան, որ որոշումները կը կայացուին խորհուրդին կողմէն, ուր աւելի շատ սփիւռքի ներկայացուցիչներ ներգրաւուած են, քան Հայաստանէն եւ Արցախէն, եւ որոշումը, որ կը կայացնէ խորհուրդը, ես կրնամ
համարել սփիւռքի որոշում: Այդ որոշման մէջ սուրիահայութեան աջակցութիւն տրամադրելը չէ նշուած որպէս խնդիր: Կը կարծեմ` կ’ըլլան հիմնադրամի տեղական մարմիններ, որոնք իրենց հաւաքած գումարէն մաս մը սուրիահայերուն ուղղելու որոշում կը կայացնեն:
Այս խնդիրը շատ հետաքրքրական է այն իմաստով, որ, երբ անցեալ տարի որոշուեցաւ հանգանակութեան 10 տոկոսը նուիրաբերել սուրիահայերուն, ես կ’ակնալէի նուիրատուութիւններու աճ, բայց աճ չգրանցուեցաւ: Նոյնիսկ կրնամ ըսել, որ եղած են շատ զանգեր, երբ մարդիկ յատուկ նշած են, որ իրենք կը ցանկան իրենց գումարը ուղղել համայնքային կեդրոններու կառուցման ծրագիրին: Երբ յառաջացաւ սուրիահայերուն օգնութեան անհրաժեշտութիւնը, մենք տեղեկացուցինք, որ բացուած է սուրիահայերուն օգնութեան հաշուեհամար, եւ կոչով դիմեցինք բոլոր աջակցիլ ցանկացողներուն: Բայց այդ պարագային եւս, ցաւօք, լուրջ մասնակցութիւն չգրանցուեցաւ: Շատ մարդիկ կ’ըսեն, որ պէտք է օգնել, ես կը դիմեմ այդ մարդոց` հարցը խօսելով լուծում չի ստանար, տուէք այդ գումարը, եւ մենք մեծ հաճոյքով կ’ուղղենք այն սուրիահայերու հիմնախնդրիներու լուծմանը: Պէտք է գումարներ գոյանան, որ մենք օգնենք անոնց: Ես կրկին կը դիմեմ մեր հայրենակիցներուն, որ եթէ ցանկան օգնել, մեր դռները միշտ բաց են, փոխանցէք գումարը` նշելով, որ կ’ուղղէք այն սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման ծրագիրին, եւ մենք, խորհրդակցելով սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող յանձնաժողովին հետ, կը տրամադրենք այն անոնց կարիքներու բաւարարման: Նախորդ տարիներուն բաւականին ծրագիրներ իրականցուցած ենք` սուրիահայերու յուղարկաւորութեան ծախսերէն, սրտի վիրահատութիւններէն մինչեւ ուսանողներու ուսման վարձերու փոխհատուցում: Կանխիկ գումար ուղարկած ենք Սուրիա, որ հայկական դպրոցներու ուսուցիչներու վճարումները իրակացուին: Պատերազմի սկիզբը ֆինանսաւորած ենք երկու ինքնաթիռով Սուրիայէն Հայաստան սուրիահայերու տեխափոխումը, որու գումարը տրամադրած էին Վահագն Յովնանեանը եւ Արա Աբրահամեանը:
– Յետադարձ հայեացք մը նետելով հիմնադրամի գործունէութեան` կը հասկնանք, որ բաւականին աշխատանք կատարուած է մեր հայրենակիցներու ջանքերով, որո՞նք պիտի ըլլան յաջորդ տարիներու մեր առաջնահերութիւնները:
– Այդ հարցին պատասխանելով` միշտ կ’ըսեմ, որ Աստուած տայ` գայ օր մը, որ այլեւս չունենանք խնդիրներ: Տեսնելով աշխարհի անգամ հարուստ երկիրներու փորձը` կը գիտակցիմ, որ խնդիրները անսպառ են: Օրինակ, ԱՄՆ-ի մէջ այսօր գոյութիւն ունին հազարաւոր կազմակերպութիւններ, որոնք կ’իրականացնեն նմանատիպ դրամահաւաքներ: Կազմակերպութիւն մը կայ, որ գումար կը հաւաքէ
ամերիկայի բանակին մէջ ծառայողներուն սննդամթերքով ապահովելու համար: Կարծես խօսքը հարուստ երկրի մասին է, բայց տես, որ այդ երկրին մէջ եւս կան ֆինանսական խնդիրներ: Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կան բազմաթիւ խնդիրներ, բայց այստեղ խօսքը այն մասին պէտք է ըլլայ, թէ ինչ տեսակի խնդիրներ յետագային կը լուծէ հիմնադրամը: Յոյսով եմ, որ տարիներու ընթացքին մենք կը հասնինք այն մակարդակին, որ կը լուծենք զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան զարգացման ծրագիրներ: Այսինքն` մօտակայ 5-10 տարուան մէջ կը կարենանք աւարտին հասցնել բոլոր ենթակառուցուածքային ծրագիրները եւ անցնիլ զարգացման ծրագիրներուն:
Վերջաւորութեան կը ցանկամ կոչով դիմել մեր հայրենակիցներուն ու յիշեցնել, որ հեռուստամարաթօնը առիթ մըն է իւրաքանչիւր հայու համար` մասնակցելու սեփական երկրի զարգացման:
Տարին մէկ-երկու անգամ ինչ-որ բանէ զրկուելով` կրնաս գումար մը ուղղել մարդոց օգնելու: Բարեգործութիւնը մարդկային արժէքներէ ամենակարեւորն է, եւ բարեգործը չի կրնար երբեք չար մարդ ըլլալ: Ցանակցած մարդ, որ նուիրատուութիւն կ’ընէ, այդ օրը շատ հանգիստ կը քնանայ` հասկնալով, որ կատարած է բարի գործ: Ես կոչ կ’ընեմ, որ ինչ-որ բանով օգուտ բերենք մեր երկրի
զարգացման, եւ համատեղ կառուցենք Հայաստանի եւ Արցախի համար կարեւոր նշանակութեան Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհը:
1992 թուականին ՀՀ նախագահի հրամանագրով ստեղծուեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմանադրամ` որպէս եզակի կառոյց մը, որ կոչուած է համախմբելու Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ ապրող բոլոր հայերուն: Հիմնադրամի աշխատանքներուն աշխուժ մասնակցութիւն ունին անոր 25 տեղական մարմինները, որոնք ներկայիս կը գործեն աշխարհի 22 երկիրներու մէջ: Գործունէութեան ողջ ընթացքին հիմնադրամի միջոցներով կառուցուած է աւելի քան 476 քմ ճանապարհ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, 517 քմ ջրագիծ ու ջրամատակարարման համակարգ, 144 քմ գազատար, 70 քմ էլեկտրական հոսանքի գիծ: Կառուցուած, վերակառուցուած ու կահաւորուած է 334 դպրոց եւ մանկապարտէզ: Կառուցուած ու վերակառուցուած է 424 տուն ու բնակարան, 70 առողջապահական հաստատութիւն, 53 մարզական ու մշակութային կեդրոն: Իրականացուած է աւելի քան 159 կրթական, մշակութային եւ գիտական ծրագիր:
http://armenpress.am