Վարչապետը Հրաժեշտի Հանդիպում Ունեցած Է ՀՀ-ի Մօտ Իտալիոյ Դեսպանին հետ

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրունօ Սկապինին, որ կ’աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը մեր երկրին մէջ: Կառավարութեան ղեկավարը բարձր գնահատած է դեսպանի գործունէութիւնը հայ-իտալական յարաբերութիւններու ընդլայման եւ խորացման գործին մէջ:
Պրունօ Սկապինը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ կառավարութեան սերտ համագործակցութեան եւ նշած, որ Հայաստանի եւ Իտալիոյ յարաբերութիւնները այս ընթացքին զարգացած են ինչպէս տնտեսական, այնպէս ալ մշակութային ու ընկերային բնագաւառներու մէջ: ՀՀ-ի մէջ Իտալիոյ դեսպանը
յիշեցուցած է, որ այս ընթացքին ստեղծուած է նաեւ հայ-իտալական առեւտրային պալատ, որ հնարաւորութիւն կու տայ Հայաստան ներգրաւել իտալական նոր ընկերութիւններ եւ ներդրումներ: Սկապինի խօսքով` տարիէ տարի կը մեծնայ իտալացի զբօսաշրջիկներու հոսքը մեր երկիր, ինչ որ երկու ժողովուրդներու կապերու ամրապնդման լաւագոյն ուղիներէն մէկն է:
Պրունօ Սկապինը տեղեկացուցած է նաեւ, որ 2015 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս կը նախատեսուի Վերոնայի մէջ կազմակերպել հայկական երաժշտութեան մեծ երեկոյ:
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպանին` հայ-իտալական յարաբերութիւններու զարգացման նպաստելու համար, եւ մաղթած նորանոր յաջողութիւններ յետագայ գործունէութեան մէջ: