Եւս 3 Սուրիահայ Ընտանիք Հաստատուեցաւ Հայրենիքի ՄԷջ

Դեկտեմբեր 23-ին սուրիահայ եւս 3 ընտանիք` 7 հոգի, Հայաստանի Աւետարանչական ընկերակցութեան օժանդակութեամբ եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքապետ, վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանի աջակցութեամբ ժամանեց Հայաստան:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ընտանիքներէն մէկը Նուարդ եւ Սիրանոյշ Օհաննէս քոյրերն են, երկրորդը` Անդրանիկ եւ Արփինէ Գույումճեանները, իսկ երրորդ ընտանիքը` Պոշկեզեանները` 2 մանկահասակ երեխաներու հետ միասին: Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ այսօր ժամանած սուրիահայերուն դիմաւորած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Երեւանի գրասենեակի աշխատակիցները:

Հայաստան ժամանած սուրիահայ 3 ընտանիքներն ալ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ տեղափոխուած են Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կացարան: Յառաջիկայ օրերուն անոնք կը տեղափոխուին Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կողմէ իրենց համար վարձակալուած բնակարանները:

1 2

 

Scroll Up